Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին հետ։
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրեցին Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութեան զարգացման դրական ընթացքը` ընդգծելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ետք, բարձր մակարդակի այցելութիւններու կազմակերպումը փոխգործակցութիւնը խորացնելու միտումին լաւագոյն վկայութիւնն է:
Նախարարները անդրադարձան առեւտրական-տնտեսական, զբօսաշրջութեան, կրթութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան հարցերու գծով համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն: Ընդգծուեցաւ կարեւորութիւնը պարբերական ուղիղ թռիչքներուն, որոնք պիտի նպաստեն նաեւ մարդոց միջեւ յարաբերութիւններուն եւ գործարար կապերու խթանման:
Միրզոյեան ու պըն Ֆարհան իշխանը քննարկեցին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ, բազմակողմ հարթակներու վրայ փոխգործակցութեան հարցեր, որոնց կարգին՝ «World Expo 2030»ի իրականացման ծիրին մէջ:
Միրզոյեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը զարգացնէ քաղաքական երկխօսութիւնը եւ գործընկերութիւնը արաբական բոլոր երկիրներուն հետ, որուն դրսեւորումն էր նախորդ տարի առաջին անգամ մասնակցութիւնը Արաբական պետութիւններու լիկայի նախարարական հանդիպման: «Շատ կարեւոր է, որ մենք համատեղ ջանքերով լրացնում ենք Սաուդեան Արաբիայի հետ խոստումնալից փոխգործակցութեան բացը», ըսաւ Միրզոյեան: