Պրիւքսէլի մէջ նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր Եւրոպական Միութեան խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու շուրջ: Այս մասին կը գրէ «Ազատութիւն»ը՝ նշելով, որ իր տրամադրութեան տակ են դիւանագիտական փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն, թէ Եւրոպական Միութիւնը կը նախատեսէ Երեւանին յատկացնել 10 միլիոն եուրօ, որ պէտք է ծախսուի 30 ամսուան ընթացքին:
Գումարը, ըստ փաստաթուղթին, պէտք է տրամադրուի մէկ գումարտակի համար նախատեսուած դաշտային համեմատաչափ ճամբարի մը հաստատման, որ պիտի ներառէ նաեւ հիւանդատար մը, ինչպէս նաեւ համապատասխան ծառայութիւններ եւ կարողութիւններ:
«Այս աջակցութեան նպատակն է նպաստել, որ Հայաստանի զինուած ուժերը բարձրացնեն իրենց դիմադրողականութիւնը եւ կայունութեան հաստատման կարողութիւնները, եւ այդպիսով, առաւել լաւ պաշտպանեն խաղաղ բնակչութիւնը` ճգնաժամերու եւ արտակարգ պատահարներու ընթացքին», կ`ըսուի փաստաթուղթին մէջ:
Եւրոպական Միութեան այս հիմնադրամը հիմնուած է 2021ին: Անոր նպատակն է՝ միջոցներ տրամադրել, որոնցմով պիտի գնուին ոչ-մահաբեր զէնքեր կամ կարողութիւններ` աշխարհի զանազան վայրերու մէջ խաղաղութեան նպաստելու, հակամարտութիւնները կանխելու եւ միջազգային ապահովութիւնը ամրապնդելու համար:
Նշենք, որ Հայաստան այս հիմնադրամէն օգտուելու յայտ ներկայացուցած էր նախորդ տարի: Երեւան այցելած Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը իր հերթին, նախորդ Հոկտեմբերին յայտարարած էր, թէ անձամբ այս հարցով դիմած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարին: