
44օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները սկսան այդ տարածքէն դուրս գալ: Տեղեկութիւնը պաշտօնապէս հաստատեցին Քրեմլինէն:
«Ռուս խաղաղապահներուն առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կարելի է համարել բոլորովին կատարուած. խաղաղապահները կարեւոր դեր խաղացած են արիւնահեղութիւնը կանխելուն մէջ», «Ռիա Նովոստի»ին ըսաւ Ռուսիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Ալեքսէյ Ժուրաւլեւ։
Շուրջ 2 հազար հաշուող զօրակազմի տեղակայման ժամկէտը, ըստ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան, պէտք է աւարտէր 2025ին:
Ըստ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի՝ զօրակազմը դուրս բերելու որոշումը տրուած է բարձրագոյն ղեկավարութեան մակարդակով: «Գործընթացը արդէն սկսած է: Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնները կը ձեռնարկեն պէտք եղած միջոցներուն` այս որոշումը կեանքի կոչելու համար», յայտարարեց ան։
Ռուսիոյ խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, արտաքին գործոց նախկին փոխնախարար Կրիկորի Կարասին իր կարգին յայտնեց հետեւեալը. «Լեռնային Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահները դուրս բերելը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ այդ տարածքը Ատրպէյճանին մաս ճանչնալու տրամաբանական հետեւանքն է»։
«Ուժով սիրելի չես դառնար», պնդեց Կարասին՝ աւելցնելով, «Նիկոլ Փաշինեանի շրթներով Ղարաբաղի հարցը հանգուցալուծուելէ ետք, մեր խաղաղապահներուն՝ Ատրպէյճանի մէջ մնալ-չմնալու հարցը կը քննարկուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ՝ ուղղակի կապերու միջոցով։ Եւ խաղաղապահները փուլ առ փուլ դուրս բերելու մասին որոշում տրուեցաւ»:
Ըստ Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի՝ թէեւ ռուս խաղապահներուն նկատմամբ լուրջ դժգոհութիւն եւ հիասթափութիւն կար, յատկապէս նախորդ տարի, Արցախի շրջափակման, Ատրպէյճանի ռազմական գործողութեան եւ արցախահայերու զանգուածային տեղահանութեան ընթացքին, երբ անոնք որեւէ ձեւով չմիջամտեցին, զօրակազմի ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ որոշ զսպուածութիւն կ՛ենթադրէր։
«Տուեալ դէպքում` գերտէրութեան, որը որոշ չափով էլի ակնկալիք կամ յոյս առաջացնում էր, որ գոնէ որոշ չափով զսպող հանգամանք կարող է լինել` թէ՛ այնտեղ գտնուող հայերի, թէ՛ հնարաւոր վերադարձող հայերի եւ թէ յատկապէս այնտեղ գտնուող մեր գոյքի պաշտպանութեան մասով: Եւ հիմա էլ, երբ ռուս խաղաղապահները դուրս են գալիս, մի քանի օր առաջ էլ Կարմիր Խաչը յայտարարեց, որ Ստեփանակերտի իրենց գրասենեակը տեղափոխել են Բարդա, սա նշանակում է, որ շատ սահմանափակ միջազգային ներկայութիւնը Արցախում զրոյի է հասցւում` այն դէպքում, որ միջազգային որեւէ մուտք էլ թոյլ չէր տալիս Ադրբեջանը, այսինքն` լրիւութեամբ դառնում է զրօ միջազգային դիտարկման ներքոյ, եւ այնտեղ կարող են տեղի ունենալ շատ աւելի մեծ, շատ աւելի արագ յանցագործութիւններ», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ընդգծեց Բեգլարեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ այս պայմաններուն մէջ իրատեսակա՞ն է խօսիլ արցախցիներու վերադարձին մասին՝ ան ըսաւ, որ Արեւմուտքը եւ Ռուսիա, անկախ իրենց տարակարծութիւններէն, գոնէ այս հարցով պէտք է որեւէ համաձայնութեան գան: «Սա նաեւ լրացուցիչ թեստ (փորձ) է, թէ միջազգային համագործակցութեան, պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան մեխանիզմները (գործիքակազմերը) արդեօք ամբողջապէ՞ս վիժեցուած են, թէ գոնէ ինչ-որ դէպքերում, ինչ-որ մակարդակներում կարող են արդիւնաւէտ կիրառուել», ըսաւ Բեգլարեան:
Ռուս խաղաղապահներուն հեռանալը, ըստ ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցներու, սկսաւ Քարվաճարի շրջանին մէջ գտնուող Դադիվանքէն: Յատկապէս կը նշուի, որ խաղաղապահները փակած են այնտեղի իրենց դիրքը, եւ 15 Ապրիլէն սկսեալ վանքը արդէն Ատրպէյճանի ոստիկանութեան տիրապետութեան տակ կը գտնուի:
«Այդ ամէնը կարծես թէ մենք ներքուստ զգում էինք, բայց չէինք կարողանում ոչ միայն արտայայտուել, այլ չէինք ուզում համակերպուել մեր ներքին ձայնին», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան:
Ըստ անոր՝ թէեւ հայ հոգեւորականները պատերազմէն ետք ալ կը ծառայէին Դադիվանքի մէջ, բայց կորսնցնելու վախը միշտ կար: Դադիվանքի վերջին վանահայրը եւ երկու սարկաւագները միջնադարեան համալիրէն դուրս եկան նախորդ Հոկտեմբերին, երբ ատրպէյճանցիներուն յարձակումէն ետք, Արցախը արդէն հայաթափ եղաւ:
«Եւ սա վերջիվերջոյ մարմնացում ստացաւ այն գործընթացներին զուգահեռ, որը տեղի ունեցաւ արցախահայութեան հետ, եւ անշուշտ, մեր հոգեւորականները արցախահայութեան հետ տեղահանուեցին, բայց մենք մտածում էինք նաեւ, դեռ յոյս ունէինք, որ ռուսական խաղաղապահները իրենց առաքելութիւնը կ՛իրականացնեն: Այդուհանդերձ, մենք ցաւում ենք, անշուշտ, մեր պատմական, համաքրիստոնէական նշանակութիւն ունեցող այդ վանքը պիտի վտանգուած լինի, ինչպէս մեր միւս բոլոր կոթողներն ու մշակութային արժէք ունեցող եկեղեցիներն ու վանքերը: Ցաւ ապրելով պիտի արտայայտուենք այսպէս», նշեց Վրթանէս եպիսկոպոսը:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են Արցախի առնուազն 1456 նշանաւոր յուշարձաններ, որոնց մէջ՝ 161 վանքեր եւ եկեղեցիներ, 591 խաչքարեր: Արցախցիները առաջին անգամ չէ, որ կ՛ահազանգեն այդ յուշարձաններու ոչնչացման վտանգին մասին:
«Եւ այս քօղի տակ իրենք ամբողջը ոչնչացնում եւ վերացնում են` վերածելով, այսպէս ասած, մի հատ քաոսի, մի հատ ամբողջական վերացում դնելով դրա տակ», ընդգծեց Արցախի թեմի առաջնորդը:
Պատերազմէն ետք, ՄԱԿի գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւնը` ԵՈՒՆԵՍՔՕն, ոչ մէկ անգամ տարածաշրջանը այցելեց, թէեւ հայկական կողմը պատերազմէն ետք առաքելութեան այցելութիւնը խիստ հրատապ կը նկատէ՝ հայկական եկեղեցիներու պղծման լուրերու լոյսին տակ: