ՊԱՂԵՍՏԻՆԸ ՄԱԿ-Ի ԱՆԴԱՄ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿ՝ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Իսրայէլեան ռմբակոծումներու ենթարկուող եւ մասնակի ներթափանցումներու ականատես աւելի քան 110,000 պաղեստինցի գաղթականներ այս շաբթուան ընթացքին անգամ մը եւս գաղթի ճամբան բռնեցին, այս անգամ դուրս գալով Ռաֆահէն, որ նախապէս «ապահով» որակուած էր Իսրայէլի կողմէ։
Իսրայէլ անցեալ Կիրակի օրուընէ ի վեր նաեւ կասեցուցած է դէպի Ռաֆահ մարդասիրական օժանդակութեան բոլոր առաքումները, ցամաքային լայնածաւալ գործողութիւն մը իրականացնելու համար շրջանին մէջ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն զգուշացուց, որ իր երկիրը Իսրայէլին որոշ տեսակի զէնքեր պիտի չմատակարարէ, եթէ Ռաֆահի մէջ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւն մը սկսի եւ նշեց, թէ Ուաշինկթընի փաստեր ունի, որ Թել Աւիւին մատակարարած իր ռումբերը Կազայի մէջ քաղաքայիններու սպանութեան համար օգտագործուած են:
Ինչ կը վերաբերի Ռաֆահի դէմ իսրայէլեան բանակին շղթայազերծած գործողութեան, Պայտըն ըսաւ, որ անիկա ցարդ մասնակի ներթափանցում մըն է, որ «բնակուած կեդրոններ» չէ հասած:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ անդրադարձաւ ամերիկեան համալսարաններուն մէջ պաղեստինցիներուն ի նպաստ ուսանողական շարժումին` նշելով. «Ուսանողներուն պատգամը ինծի հասաւ․ անոնք ցոյց կատարելու օրինական իրաւունք ունին, սակայն կարելի չէ ատելութեան հռետորաբանութիւն օգտագործել եւ հրեայ ուսանողներուն սպառնալ»:
ՄԱԿի մօտ Իսրայէլի դեսպան Կիլատ Իրտան կարգ մը զէնքերու մատակարարման առկախումը Ուաշինկթընի ազդարարութիւնը որակեց «մեծապէս հիասթափեցնող»: Ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը «չի կրնար ըսել, որ Կազայի պատերազմին մէջ «Համաս»ը քանդելու մեր նպատակին մէջ մեր գործընկերն է, երբ միւս կողմէ կ՛ուշացնէ այն միջոցները, որոնք պիտի օգտագործուին «Համաս»ը ոչնչացնելու համար»:
Աւելի ուշ, իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը նշեց. «Ռաֆահի մէջ լայնածաւալ գործողութիւնը առայժմ դադրեցուեցաւ», սակայն ռմբակոծումները կը շարունակուին:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը նաեւ յայտնեց, որ Նեթանիահու արգելք կը հանդիսանայ «Համաս»ի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջընթաց արձանագրելու փորձերուն` աւելցնելով, որ Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու ներկայ փուլը «գրեթէ տապալած է», եւ Իսրայէլի եւ «Համաս»ի պատուիրակութիւնները հեռացած են Եգիպտոսէն:
Նաեւ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը 9ի դէմ 143 քուէներով եւ 25 ձեռնպահներով վաւերացուց բանաձեւ մը, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ընէ, որ Պաղեստինը ընդունի իբրեւ լիիրաւ անդամ։