Հայաստանի նախագահի աշխատակազմէն կը տեղեկանանք, թէ Քալիֆորնիա իր աշխատանքային այցի ընթացքին, նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Մայիս 10ին հանդիպում մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քերըն Պեսի հետ:
Պես նշեց, որ իբրեւ Երեւանի քոյր քաղաք՝ Լոս Անճելըս կանգնած է Հայաստանի կողքին եւ կը շարունակէ ապահովել Լոս Անճելըս ապրող հայերու բարեկեցութիւնը; «Միացեալ Նահանգները եւ Հայաստան սերտ յարաբերութիւններ ունին՝ հիմնուած ընդհանուր արժէքներու եւ ժողովրդավարական գործընթացին նուիրուածութեան վրայ, եւ կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանի եւ հայութեան հետ համագործակցութիւնը շարունակուի եւ աւելիով սերտանայ»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, Խաչատուրեանը նշեց. «Մենք շատ բարձր ենք գնահատում Հայաստանի եւ Միացեալ նահանգների միջեւ տասնամեակներ շարունակ արագօրէն զարգացող համագործակցութիւնը: Հայաստանում առանձնայատուկ վերաբերմունք կայ Կալիֆորնիայի եւ Լոս Անջելեսի նկատմամբ նախ այն պարզ պատճառով, որ ձեր նահանգում եւ մասնաւորապէս Լոս Անջելեսում է գտնւում Ամերիկայի ամենախոշոր հայկական համայնքներից մէկը, ապա նաեւ պայմանաւորուած մի շարք տնտեսական իրողութիւններով»։
Հանդիպման ընթացքին, կողմերը անդրադարձան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ համայնքային ենթակառոյցներու մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն ծիրէն ներս ամերիկեան լաւագոյն փորձառութիւնը Հայաստանի մէջ կիրառելու ուղիներուն։ Այս կապակցութեամբ, Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեան նշեց, որ երկու քաղաքապետարաններու աշխատակիցներուն համար փորձառութեան փոխանակման եւ վերապատրաստման համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակայարմարութիւնը եւ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլեր խթանելու կարեւորութիւնը։
Քննուեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ուղիղ թռիչքներ հաստատելու կարելիութիւնը կեանքի կոչելու հեռանկարները։
Հանդիպման աւարտին, կողմերը խոստացան համագործակցութիւնը ընդարձակել։