
Արժանապատիւ հոգեւոր հայր՝ տէր Գարեգին Պետուրեան,
Սիրելի Գոհար, Զաւէն, Յասմիկ, Թրիսա եւ համայն Թորիկեան ընտանեկան պարագաներ, սգակիրներ եւ շատ սիրելի դաշնակցական մեծ ընտանիքի ընկերուհիներ եւ ընկերներ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ահարոնեան» կոմիտէութեան ընկերներուն անունով ՝ կու գանք ցաւակցական եւ մխիթարական սրտի խօսք փոխանցելու մեր սիրելի 47 տարուան դաշնակցական ընկերուհիին՝ Հուրի Թորիկեանին մահուան տխուր առիթով:
Դժուար է վերջին հրաժեշտի եւ յարգանքի խօսք արտասանել ընկերուհի Հուրիին մասին, որ 47 տարիներ շարունակ սրտանց հաւատաց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն, միշտ ի մտի ունենալով ՀՅԴի «Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան»ի տեսլականը:
Քիչ ետք՝ հողին պիտի յանձնենք մեր աննման, անգին ընկերուհին, որ հրաժեշտ տուաւ 28 Մայիս 2024ի առաւօտեան իր հարազատներուն եւ իր սիրելի ընկերներուն:
Մեր բոլորին համար այնքան խորհրդանշական օր մը՝ անոր հոգին սաւառնեցաւ արքայութեան դարպասէն ներս՝ հանգչեցնելով յոգնած մարմինը:
Ընկերուհի Հուրին տարիներով եղած է բարձր հոգիով, մաքուր սրտով լուռ եւ անխոնջ աշխատող. ան 16 տարեկանէն ի վեր բեղուն գործունէութիւն ունեցած է Լիբանանի Երիտասարդական միութեան «Փոթորիկ» մասնաճիւղին եւ համալսարանական օրերուն Լիբանանի «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան մէջ՝ իբրեւ քարտուղար:
1977ին՝ 22 տարեկանին, փոխանցուած է ՀՅԴի շարքերը, որուն հաւատաւոր անդամը մնաց մինչեւ իր մահը:
1982ին, Հուրին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառներով փոխադրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Ան շուտով անդամակցեցաւ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէութեան եւ տարիներ շարունակ մասնակցեցաւ յանձնախմբային աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ քարտուղարի պաշտօն վառեց:
Պահ մը երեւակայեցէք՝ եթէ Հուրին մնար քաջառողջ եւ անկախ իր հիւանդութիւններէն, ինչ տեսակի անծայրածիր գործունէութիւններ պիտի ունենար մեր ազգային եւ միութենական կեանքին մէջ, մանաւանդ իր շատ յարգելի երկրորդ ընտանիքին՝ ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան մէջ:
Կարծէք երկինքի արքայութիւնն ալ տարաժամ կանչեց զինք՝ գիտնալով իր արժանիքները եւ հանգչեցուց իր յոգնաբեկ մարմինը եւ պարտասած հոգին:
Հուրին հպարտացաւ իր դաշնակցական ընտանիքով եւ մենք ալ բոլորս իրմով:
Յարգեց եւ յարգուեցաւ բոլորին կողմէ, փոքրիկ պատանիէն մինչեւ 90էն վեր տարեցներուն կողմէ: Խնդաց, ապրեցաւ, ինչպէս նաեւ, ինչո՞ւ չէ, յուզուեցաւ մեզի հետ:
Տիպար դուստր, առաքինի, անշահախնդիր կուսակցական, բարի քոյր, հիւրասէր, ընկերասէր, ժպտուն, խելացի եւ շատ փխրուն սիրտի տէր էր զգայուն Հուրին:
Կեանքը կը դիտէր անհուն լայնամտութեամբ՝ գաւաթը միշտ կէս լեցուն տեսնելով, բայց, դժբախտաբար, հիւանդութեան չար ախտը չոքեցաւ Հուրիին դրան առջեւ եւ վերջին ամիսներուն իր իսկ խոստովանութեամբ՝ «Հոգիս յօժար է, բայց մարմինս տկար»:
Հուրին այն ազնիւ ընկերուհին էր, որ ոչ միայն անմիջական շրջապատի հոգերով կը տառապէր, այլեւ վերջին տարիներուն Արցախի կորուստով եւ հայրենիքի ցաւերով: Իր սկզբունքային եւ նուիրուածութեան ոգին կը վկայեն ոչ միայն «Ահարոնեան» կոմիտէութեան ընկերները, այլ՝ շատ մը աներ, որոնք ականատես եղած են Հուրիի զոհողութեան եւ քաջութեան Լիբանանի պատերազմի օրերուն:
Պատանի տարիքէն մեծնալով ընտանիքի մը մէջ, ուր ազգային նուիրեալ ըլլալը ոչ թէ հաճոյք մըն էր, այլ՝ պարտաւորութիւն, Հուրին իր անձը միշտ երկրորդական համարելով ազգային կուսակցական հարցերու նկատմամբ՝ եղած է հաւատարիմ զինուորի կարգապահութեամբ:
Հուրիին պէս նուիրեալ դաշնակցականներու անկեղծ հոգին է որ մինչեւ այսօր վառ պահած է մեր կուսակցութեան անմար ջահը եւ սերունդներ կրթած, որ տասնամեակներու փոթորիկները երբեք չեն կրցած մարել այդ կրակը:
Հուրի Թորիկեանի մահով՝ ՀՅԴի մեծ ընտանիքը կորսնցուց հաւատաւոր ընկերուհի մը, որ միշտ պիտի յիշուի բոլորիս կողմէ անխտիր:
Թող ընկերուհի Հուրիի հոգին հանգչի երկնքի արքայութեան մէջ, եւ թող մեզմէ իւրաքանչիւրը ներշնչուի Հուրիին յատկանիշներով, ապրի իր կեանքը լիարժէք՝ , նոյն ժամանակ չմոռնալով իր պարտականութիւնը եւ պարտաւորութիւնը ոչ միայն իբրեւ դաշնակցական ընկերուհի եւ ընկեր, այլ՝ իբրեւ հա՛յ եւ առաւել՝ իբրեւ մա՛րդ:
Յաւերժ հանգստութիւն, լոյս եւ խաղաղութիւն հոգւո՛յդ, սիրելի ընկերուհի Հուրի:
Յիշատակդ միշտ անթառամ եւ պայծառ պիտի մնայ մեր բոլորին սիրտերուն մէջ:
Աստուած երկնային լոյսերուն արժանացնէ մեր անզուգական, 47 տարիներու համեստ եւ տիպար ընկերուհիին հոգին:
Հողը թեթեւ գայ վրադ՝ ընկերուհի Հուրի Թորիկեան: