
ՄԱՐԻԱՄ (ՄԱՌԻԿ) ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 5 Յունիս 1947ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին՝ Մարիամ (Մառիկ) Ստեփանեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 22 Յունիս 2024ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 11 Յուլիս 2024ին, առաւօտեան ժամը 9ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ (կարմիր եկեղեցի), ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Դուստրը՝ Քրիսթին եւ Սարօ Արմէնեան եւ զաւակները՝ Շանթ եւ Սարին
Դուստրը՝ Թալին եւ Ռոբերթ Թորոսեան եւ զաւակները՝ Էմմա եւ Իթըն
Քոյրը՝ Նորա Սուքիաս եւ զաւակը՝ Արլէն
Եղբայրը՝ Մելքոն եւ Ալենուշ Յարութիւնեան եւ զաւակը՝ Մաթյույ
Խնամին՝ Յարութիւն եւ Սօնա Արմէնեան
Խնամին՝ Բարթուղ եւ Պայծառ Թորոսեան եւ ընտանիք
Ժորա եւ Հելեն Մանուչարեան եւ ընտանիք
Եդուարդ եւ Քրիսթին Ալեքսանեան եւ ընտանիք
Մօսիկ եւ Ատա Մօվէլ
Բարբարա եւ Ջուլիայ Ստեմլեր
Եւ համայն բարեկամներն ու հարազատները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Chevy Chase Country Club-ի Cypress Room սրահին մէջ, 3067 E. Chevy Chase Dr, Glendale
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղին (Homenetmen Glendale Ararat Chapter, 3347 N. San Fernando Rd, Glendale, CA 90065 or Venmo to @Ararat-Chapter)։