Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան Tehran Times-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածին մէջ կ՛ընդգծէ, որ իր երկիրը առաջնահերթութիւն պիտի տայ դրացիներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման։
Փեզեշքեան կը նշէ, որ Իրան կողմնակից է «ուժեղ տարածաշրջանի» մը ստեղծման, եւ ոչ թէ այնպիսի տարածաշրջանի մը, ուր երկիր մը կը ձգտի գերիշխել միւսներուն:
Ան համոզուած է, որ դրացի եւ եղբայրական պետութիւնները պէտք չէ վատնեն իրենց թանկարժէք հնարաւորութիւնները կործանարար մրցակցութեամբ, սպառազինութիւններու մրցավազքով եւ իրարու զսպելու անտեղի ջանքերով։ Ան կ՛ընդգծէ, որ Իրան անոնց փոխարէն կը ձգտի ստեղծել այնպիսի միջավայր մը, ուր այդ նոյն հնարաւորութիւնները պիտի ուղղուին տարածաշրջանի զարգացման եւ յառաջընթացին՝ ի շահ բոլորին:
«Մենք անհամբեր կը սպասենք Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Օմանի, Իրաքի, Պահրէյնի, Քաթարի, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններուն՝ մեր կապերը խորացնելու եւ ընդհանուր մարտահրաւէրներուն դիմադրելու համար», կ՛ըսէ Իրանի նախագահը` աւելցնելով, որ իր վարչակազմը պիտի խրախուսէ դրացի արաբական երկիրները համագործակցելու եւ դիւանագիտական ու քաղաքական բոլոր լծակները գործածելու՝ Կազայի մէջ մնայուն զինադադարի մը համար՝ որպէսզի վերջ տրուի կոտորածներուն եւ կանխուի հակամարտութեան տարածումը:
Յօդուածին մէջ, Փեզեշքեան կը քննարկէ նաեւ ռուս-ուքրանական հակամարտութիւնը եւ կը նշէ, որ Թեհրան կը ձգտի խաղաղութիւն հաստատելու ռուս եւ ուքրանացի ժողովուրդներուն միջեւ եւ թէ Իրան պիտի աջակցի այդ ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններուն:
«Չինաստան ու Ռուսիա մեզի աջակցեցան մեր դժուար պահերուն եւ մենք խորապէս կը գնահատենք այս բարեկամութիւնը։ Ռուսիա Իրանի թանկագին ռազմավարական դաշնակիցն է եւ դրացին ու իմ վարչակազմը պիտի շարունակէ ընդլայնել եւ ամրապնդել մեր համագործակցութիւնը», կը գրէ ան։
Տարածաշրջանին վերաբերեալ Փեզեշքեան կը նշէ, որ անիկա երկար ժամանակ տուժեց պատերազմներէն, մոլեռանդ հակամարտութիւններէն, ահաբեկչութենէն, ծայրայեղականութենէն, թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութենէն, ջուրի պակասէն, գաղթականներու ճգնաժամերէն, շրջակայ միջավայրի վատթարացումէն եւ արտաքին միջամտութիւններէն: «Հասած է ժամանակը լուծելու այս ընդհանուր հարցերը՝ ի շահ ապագայ սերունդներու. համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը առաջնորդող սկզբունքը», կ՛եզրափակէ Իրանի նախագահը, յատկանշականօրէն առանց յիշատակելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անունները: