
Յունիս ամսուան աւարտին, Հայաստանի պետական «Սիմֆոնիք» նուագախումբը, ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Սերգէյ Սմբատեանի՝ երեք ելոյթներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Չորեքշաբթի, 26 Յունիսին, Պոսթընի «Սիմֆընի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին ելոյթը, ապա օր մը ետք, Նիւ Եորքի մէջ հանրահռչակ «Քարնըկի» սրահին մէջ, իսկ երրորդ եւ վերջին ելոյթը տեղի ունեցաւ 29 Յունիսին, Լոս Անճելըսի «Ուոլթ Տիզնի» համալիրին մէջ։
Այս ելոյթներուն յայտագիրը կ՛ընդգրկէր գործեր Արամ Խաչատուրեանէն ստեղծագործութիւններ, որոնց կարգին՝ «Գայիանէ» եւ «Սպարտակ» պալէներէն կտորներ եւ յատկապէս ջութակի «քոնչերթօ» ն (Violin Concerto in D minor, Op. 46), մասնակցութեամբ երիտասարդ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանի։
Իւրայատուկ տեղ պէտք է յատկացնել այս «քոնչերթօ»ին, որ ամենայն հմտութեամբ կատարեց երիտասարդ ջութակահարը։ Պոսթընի մէջ տեղի ունեցած ելոյթին աւարտին, ընդառաջելով ծափողջոյններուն՝ Սերգէյ Խաչատրեան վերադարձաւ բեմ եւ կառչած ջութակին, ճշգրիտ լարային շարժումներով եւ հպումներով նուագեց Կոմիտաս ի «Ծիրանի Ծառ»ը, որ տպաւորեց ունկնդիրները։
Մայէսթրօ Սերգէյ Սմբատեանի նուագախումբը ցնցեց սրահը, Խաչատուրեանի կովկասեան բարձրաւանդակը բնորոշող կշռոյթներով եւ երանգներով՝ պալէներէն ծանօթ գործեր ներկայացնելով։
Աւարտին, «Մասքըրէյտ»ի, «Սուրերու Պար»ի եւ «Լեզկինքա»ի «անքոր»ներով՝ Սմբատեանի ղեկավարած նուագախումբը մեծ տպաւորութիւն ձգեց։
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»