Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր «Լէօ Սարգիսեան» եւ «Մարալ Մելքոնեան Աւետիսեան» վարժողական ծրագիրներուն մասնակցողները նախորդ շաբթուան ընթացքին, Քոնկրեսին մէջ հանդիպումներ ունեցան առաւել քան 400 քոնկրեսականներու կամ անոնց գրասենեակներու պաշտօնատարներուն հետ՝ հայութիւնը յուզող շարք մը մտահոգութիւններ ներկայացնելով անոնց։
Քարոզչական բնոյթի այս արշաւին կիզակէտն էր՝ Պաքուի կողմէ ապօրինաբար բանտարկուած եւ խոշտանգումներու ենթարկուող հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը։
Հակազդելու համար Քոնկրեսին մէջ Ատրպէյճանի վարձկաններուն ապատեղեկատուական արշաւին՝ անոնք դէմ կանգնեցան Ատրպէյճանի դեսպանական ջանքերով եւ անոր կողմէ տարեկան 500,000 տոլարով վարձատրուող քոնկրեսական Էզրա Ֆրիտլենտըրի կազմակերպած հաւաքին մասնակցողներուն, անոնց ներկայացնելով Պաքուի կողմէ մարդկային իրաւանց ոտնահարումներուն եւ Արցախի հայաթափման մանրամասնութիւնները։
Իրենց պատգամը աւելի ազդու դարձնելու նպատակով, վարժողական ծրագիրներուն մասնակցողները հագած էին հայ գերիներուն լուսանկարները կրող շապիկներ եւ կը կրէին գերիներուն նկարներով պատրաստուած ցուցանակ մը։
Նշեալ միջոցառման եւ քոնկրեսականներու կամ անոնց գրասենեակներու պաշտօնատարներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին, երիտասարդները նաեւ կոչ ըրին՝ անմիջական քայլերու ձեռնարկելու՝ ապահովելու հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ պատասխանատուութեան ենթարկելու Պաքուն՝ իր իրագործած ռազմական ոճիրներուն համար, որոնց համար հայամէտ քոնկրեսականներ ներկայացուցած են շարք մը օրէնսդրական առաջարկներ։
«Ոգեւորուած եմ հանդիպելով ամերիկահայերու նոր սերունդին, որուն ներկայացուցիչները կը պաշտպանեն Արցախի հայութեան արդարութիւն ապահովելու ջանքերը եւ կը պահանջեն Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինաբար ձերբակալուած հայ գերիներուն ազատ արձակումը։ Այս ռազմագերիներուն մէջ կայ Դաւիթ Բաբայեան, որուն հետ հանդիպած եմ իմ գրասենեակիս մէջ, անոր անօրինական առեւանգումէն մէկ տարի առաջ», երիտասարդներուն հետ հանդիպումէն ետք, ըսաւ քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն: