13 Յուլիսին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր նստավայրին մէջ ընդունեց ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիթը:
Զրոյցին ընթացքին անոնք միտքեր փոխանակեցին շրջանային խաղաղութեան օրակարգի հարցերու շուրջ:
Ալիեւ հաստատեց, որ Ատրպէյճան հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին եւ ան անգամ մը եւս նշեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ այդպէս սահմանադրական հիմքերով վերջ պիտի դրուի Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներուն: