Հայաստան կ՛այցելէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուզրա Զէյա, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին:
Ըստ վարչապետի աշխատակազմին՝ Զէյա դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ նպաստել երկու երկիրներուն միջեւ իրական խաղաղութեան հաստատման եւ տարածաշրջանին մէջ ապահովութեան ու կայունութեան երաշխաւորման:
Զրուցակիցները քննարկեցին Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական հարցերուն եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն վերաբերող հարցեր: Այս պարունակին մէջ կարեւոր նկատուեցաւ միջազգային հանրութեան շարունակական աջակցութիւնը:
Ըստ Զէյայի՝ Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացումը եւ ամրապնդումը շատ կարեւոր են Ուշինկթընի համար։
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ կրթութեան բնագաւառին մէջ հետագայ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Աւելի ուշ, Զէյա այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրւ` Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուինի ընկերակցութեամբ։ Զանոնք ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹԻ) տնօրէն Էդիտա Գզոյեան, որ հիւրերուն ներկայացուց յուշահամալիրին հիմնադրութեան պատմութիւնը:
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ թանգարան-հիմնարկը կը գրէ հետեւեալը. «Տիկին Զէյան ծաղկեպսակ դրեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակը յաւէրժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ դրեցին անմար կրակի մօտ եւ մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերի յիշատակը: ՀՑԹԻ տնօրէն Էդիտա Գզոյեանը Միացեալ Նահանգներից ժամանած հիւրերին ուղեկցեց Յուշապատի մօտ, որի յետնամասում յատուկ խորշերի մէջ ամփոփուած են 19րդ դարավերջին եւ 20րդ դարասկզբին թուրքական կառավարութեան իրագործած հայերի զանգուածային կոտորածների եւ ցեղասպանութեան դէմ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացրած օտարազգի մի շարք հասարակական, քաղաքական գործիչների, մտաւորականների եւ միսիոներների գերեզմաններից վերցուած հողով լի փոքր սափորները: Հենրի Մորգենթաուի եւ Կլարա Բարտօնի հայանպաստ գործունէութեան մասին պատմելով` նա շեշտեց, որ նրանց կատարած աշխատանքի շնորհիւ ամերիկեան հասարակութիւնը քաջածանօթ էր Օսմանեան կայսրութիւնում տեղի ունեցող հայերի կոտորածներին, եւ որ ԱՄՆի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը նաեւ յարգանքի տուրք էր այդ մարդկանց յիշատակին: ՀՑԹԻ տնօրէնը հիւրերին ներկայացրեց նաեւ Յիշողութեան պուրակի պատմութիւնը եւ նշեց, որ առաջին ծառը տնկել է ԱՄՆ սենատոր Ռոբերտ Դոուլը` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած, ամերիկահայ վիրաբոյժ Համբար Քելեկեանի, 1997ին»։
Պատուիրակութեան անդամները շրջագայեցան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ծանօթացան մնայուն եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն: Զէյա նաեւ գրառում կատարեց Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար՝ Գզոյեան հիւրին նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր, ինչպէս նաեւ Արա Քեթիպեանի «Azeri Aggression against Armenians in Transcaucasia (1905- 1921). Reports from the U.S. Press» գիրքը:
Զէյան իր այցելութեան ծիրին մէջ նաեւ հանդիպում ունեցաւ քաղաքացիական հասարակութեան առաջնորդներու հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը մարդու իրաւունքները, փտածութեան դէմ պայքարը եւ մամուլի ազատութիւնը յառաջ մղելու հարցերուն` ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներուն վրայ հիմնուած: