15 Յուլիսին, Հայաստանի մէջ սկսան «Արծիւ գործընկեր-2024» Հայաստան-Ամերիկա միացեալ զօրավարժութիւնները:
Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ակադեմիոյ մէջ զօրավարժութեան բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին հնչեցին Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու պետական օ եւ «Արծիւ գործընկեր» զօրավարժութեան օրհներգերը:
Զինուորներուն ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուին:


«Բարձր եմ գնահատում զօրավարժութեան նախապատրաստական գործընթացին մասնակցած Եւրոպայում եւ Աֆրիկայում ԱՄՆ ցամաքային զօրքերի, Կանզասի ազգային գվարդիայի (զօրակայանի, ջոկատի), որը 2 տասնամեակից աւել հանդիսանում է Հայաստանի գործընկերը, ՀՀ ԶՈՒ խաղաղապահ բրիգադի (գումարտակի) զինծառայողների, ԱՄՆ դեսպանութեան ներկայացուցիչների եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմի աշխատանքը զօրավարժութեան արդիւնաւէտ պլանաւորման (ծրագրաւորումի) գործում: Բարձր եմ գնահատում միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւնների մասնակցող ստորաբաժանման փոխգործակցելիութեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւնների շրջանակում բարձրացնելուն ուղղուած այս համագործակցութիւնը», իր խօսքին մէջ ըսաւ Պապիկեան:
Բացման արարողութիւնը եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր երթով:
Զօրավարժութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 24 Յուլիս: Անոր մէջ ներգրաւուած են Հայաստանի զինուած ուժերու խաղաղապահ ջոկատի, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային զօրքերու եւ Քենզըսի ազգային ջոկատի զինուորները:
Նախորդ Հայաստան-Ամերիկա զօրավարժութիւնները տեղի ունեցան նախորդ տարուան Սեպտեմբերին: Մոսկուան այդ զօրավարժութիւնը մտահոգիչ նկատեց: