«Բարդ իրավիճակ է հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ, ուր արեւմտեան երկիրները իրավիճակը սրելու բացայայտ փորձերու կը ձեռնարկեն», «ՌԻԱ Նովոսթի»ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀԱՊԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիքթոր Վասիլեւ:
Ըստ անոր` Արեւմուտքը կը ձգտի ոչ միայն «սեպ խրել», այլ նաեւ Հայաստանը հեռացնել դաշնակիցներէն: «Ասոր, բնականաբար, յստակօրէն կը գիտակցին բոլոր գործընկերները», նշեց Վասիլեւ՝ շեշտելով, որ այսպիսի իրավիճակներու օրինակներ կը տեսնեն նաեւ Վրաստանի մէջ:
«Մեզ չեն կրնար չանհանգստացնել եւ չմտահոգել Երեւանի մէջ արտաքին խաղացողներու եւ ղեկավարութեան գործողութիւնները, որոնք կ՛ապակայունացնեն իրավիճակը ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ կրնան իրավիճակը սրել անոր սահմաններէն դուրս», յայտնեց Վասիլեւ:
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ, հակառակ ՀԱՊԿի անդամավճարը այս տարի չվճարելու՝ Երեւանի որոշումին, 2025ի անդամավճարի գումարը պիտի հաշուարկուի եւ պիտի ներկայացուի Հայաստանին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք յայտնի՞ է 2025ի պիւտճէին մէջ վճարում չկատարելու Հայաստանի մտադրութեան մասին՝ Վասիլեւ ըսաւ, որ «այդ մէկը արդէն քաղաքական որոշում է»:
«Նկատի պիտի առնուի 2025ի պիւտճէի նախագիծը, համապատասխանաբար, պիտի հաշուարկուին բոլոր յօդուածները: Այդ գումարին 10 առ հարիւրը պիտի հաշուեգրուի Հայաստանին», նշեց Վասիլեւ` նոյն ատեն աւելցնելով, որ անկէ ետք «արդէն երկրի ղեկավարութեան քաղաքական կամքն է»` Երեւանը զայն պիտի վճարէ՞, թէ՞ ոչ:
Անդրադառնալով կազմակերպութեան պիւտճէի հարցին` Վասիլեւ նշեց, որ այն, ինչը կը վերաբերի 2025ին, հետագայ քննարկումներու նիւթ է: Բացի այդ, ան նաեւ յայտնեց, որ «կազմակերպութեան պիւտճէն սահմանուած համամասնութեամբ բաշխուած է բոլոր անդամ պետութիւններուն միջեւ»:
«Այսինքն` անդամավճարներու 50 առ հարիւրը կը վճարէ Ռուսիա, իսկ մնացեալ 50 առ հարիւրը բաշխուած է միւս հինգ անդամ պետութիւններուն միջեւ: Համապատասխանաբար` իւրաքանչիւր երկիր (Ռուսիայէն բացի) պիտի վճարէ պիւտճէին 10 առ հարիւրը, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը», աւելցուց Վասիլեւ: