Իրանի համար Սիւնիքի մարզի ապահովութիւնը կարեւոր է, «Էս.Էն.Էն.» (SNN) գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի:
«Անիկա ռազմավարական շրջան է, որ մեծ դեր ունի ապահովութեան եւ առեւտուրի երաշխաւորման համար՝ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ: Կապանի մօտ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացումը նպաստեց սահմանային հաղորդակցութեան բարելաւման», ընդգծեց Սոպհանի:
Ան նաեւ ըսաւ, որ մօտիկ ապագային Թուրքիոյ մէջ պիտի հանդիպին «3+3» ձեւաչափի արտաքին գործոց նախարարները:
«3+3»ը Արցախի 44օրեայ պատերազմէն ետք, Թուրքիոյ նախաձեռնած եւ Ռուսիոյ աջակցութիւնը ստացած տարածաշրջանային համագործակցութեան ձեւաչափ է: Անիկա կ՛ենթադրէ հարաւային Կովկասի երեք երկիրներուն` Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երեք տէրութիւններու` Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութիւնը: Վրաստան յայտարարեց, որ հարթակին պիտի չմիանայ՝ Ռուսիոյ հետ հակասութիւններուն պատճառով:
Սոպհանի նաեւ յայտնեց, որ մօտիկ ապագային Իրանէն Հայաստան կազամատակարարման ծաւալները պիտի կրկնապատկուին:
2009էն սկսեալ Հայաստան Իրանէն կազ կը ստանայ եւ ջերմակայանին մէջ զայն ելեկտրականութեան վերածելով՝ զայն դարձեալ կը մատակարարէ Իրանին:
Դեսպանը շեշտեց, որ Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները յատուկ նշանակութիւն ունին, ինչ որ պայմանաւորուած է երկու երկիրներու աշխարհագրական եւ ռազմավարական դիրքերով:
«Իբրեւ Իրանի դրացիներէն մէկը` Հայաստան ունի ապահով եւ կայուն սահման, որ կենսական դեր կը խաղայ տարածաշրջանային ապահովութեան ամրապնդման մէջ: Բացի այդ, երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, ուժանիւթային եւ կրթական համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ երկկողմ կապերու ամրապնդման եւ տնտեսական զարգացման», նշեց Սոպհանին` ընդգծելով, որ ենթակառուցուածքներու եւ ուժանիւթի միացեալ նախագիծերը, ինչպէս՝ ճանապարհներու կառուցումը եւ կազի ու ելեկտրականութեան փոխանակումներու ընդլայնումը, կ՛օգնեն բարելաւելու տարածաշրջանային ենթակառուցուածքները եւ բաւարարելու փոխադարձ կարիքները:
Սոպհանի նաեւ յայտնեց, որ մշակութային եւ կրթական փոխգործակցութիւնը կ՛առաջնորդէ Հայաստանի եւ Իրանի ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման: «Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները միշտ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցած են», շեշտեց Սոպհանի։