
Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու դատական բարձրագոյն յանձնաժողովը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, լրատուամիջոցներու ներկայութեան յայտարարեց խորհրդարանի ընտրուած 250 երեսփոխաններու անունները։
Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցաւ Հալէպէն, ազգի միասնական թեկնածու Մարիա Մանուկ Գաբրիէլեան։
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԱՐԻԱ ՄԱՆՈՒԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆԻ
Ան Ծնած է Հալէպ: Նախակրթարանի ուսումը ստացած է Զաւարեան Ազգային վարժարանէն, իսկ միջնակարգը եւ երկրորդականը՝ Քարէն Եփփէ ազգային Ճեմարանէն:
Ան վկայուած է Հալէպի Պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժինէն, Դամասկոսի
Պետական համալսարանի լրագրական բաժինէն, Հալէպի Պետական համալսարանի բժշկական ուսումնարանէն (տարրալուծարանի մասնագիտութեամբ), Համազգայինի Հայագիտական քառամեայ հիմնարկէն, Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայոց պատմութեան հիմնահարցերու բաժանմունքէն:
ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ, ԳՆԱՀԱՏԱԳԻՐՆԵՐ ԵՒ ԳՈՎԱՍԱՆԱԳԻՐՆԵՐ
– Յաջորդաբար 2009ին եւ 2010ին պարգեւատրուած է Դամասկոսի Պետական համալսարանին կողմէ՝ իբրեւ գերազանց ուսանող:
– 2014ին պարգեւատրուած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ՝ իբրեւ օրինակելի ուսուցիչ:
– 2016ին «Գերազանց» գնահատականով ստացած է փաստաբանի գիտական կոչումը:
– 2016ին պարգեւատրուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ՝ իբրեւ «Մայրենիի պաշտպան»:
– 2016ին գնահատուած է պատուոյ գիրով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ՝ իբրեւ հայերէնաւանդ ուսուցիչ:
– 2018ին ստացած է գովասանագիր մը Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ՝ վարժարանի հիմնադրութեան 70ամեակի առթիւ բարձր գնահատելի լեզուով, ոճով եւ մատուցման եղանակով մատուցած բանախօսութեան համար:
– 2021ին ան պարգեւատրուած է Հալէպի Արաբական աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ «Մոզայիք» նախաձեռնութեան յաջողութեան մէջ ունեցած իր ներդրումին համար:
– 2022ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Հալէպի մէջ Մարդասիրական խումբին կողմէ համագործակցութեան եւ աջակցութեան համար:
– 2024ին ան պարգեւատրուած է Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետին կողմէ՝ առ ի երախտագիտութիւն Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի 100ամեակին նուիրուած բանախօսութեան համար:
– Իր մատուցած ծառայութիւններուն համար, Մարիա Մանուկ Գաբրիէլեան պարգեւատրուած է նաեւ ՀՄԸՄի Սկաուտ խորհուրդին եւ «Ռատիօ Երազ»ի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին կողմէ:
ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ
1. ԿՐԹԱԿԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌ
Իբրեւ հայերէնաւանդ ուսուցիչ՝ ան պաշտօնավարած է.Հայկազեան Ազգային վարժարանին, Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանէն եւ Նաճարեան Գ.Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանին մէջ:
Դասախօս է Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկին մէջ:
Դասատու է Հալէպի Պետական համալսարանի լեզուներու բարձրագոյն ուսումնական կեդրոնին մէջ:
2. ԼՐԱԳՐԱԿԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌ
Մարիա Մանուկ Գաբրիէլեան եղած է՝
«Երկիր Մետիա» Սուրիոյ գրասենեակի ներկայացուցիչը,
Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի Սուրիոյ թղթակիցը,
«Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակից:
Ան երեք տարիներ խմբագրած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի «Ծիլեր» աշակերտական պարբերաթերթը:
Ան մաս կազմած ի Շրջանային միութեան հրատարակած «Շաւիղ» պարբերաթերթի խմբագրական կազմին:
Մարիա Մանուկ Գաբրիէլեան երեք տարիներ խմբագրած է «Գանձասար»ի ուսանողական էջը:
– Հայկազեան վարժարանի տնօրէնութեան հետ հրատարակած է վարժարանի «Աշխատանք» աշակերտական թերթը:
– Ունի յօդուածներ «Դրօշակ»ի, «Ազդակ»ի եւ «Խորան»ի մէջ:
3. ԱՅԼ ԲՆԱԳԱՒԱՌՆԵՐ
– Մարիա Մանուկ Գաբրիէլեան սեփականատէրերէն eւ հիմնադիրներէն է «Լուսնակ» մանկապատանեկան դաստիարակչական տպագիր խաղերուն:
– Ան մասնակցած խորհրդաժողովներու կամ ժողովրդային ձեռնարկներու եւ դասախօսութիւններ կամ բանախօսութիւններ մատուցած է Հայաստանի, Թեհրանի, Կիպրոսի եւ Պէյրութի մէջ:
-Ան անդամ է Հալէպի Փաստաբաններու արհեստակցական միութեան:
– 2018ին ան ընտրուած է Հալէպի նահանգային խորհուրդի անդամ:
– 2012էն 2018 եղած է Սուրիահայութեան Շտապ օգնութեան եւ Վերականգնումի մարմինի բանբեր:
– 2019էն 2024 եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական խորհուրդի անդամ:
– Ան կը զբաղի փաստաբանութեամբ՝ իր սեփական գրասենեակին միջոցով:
Դ. ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
Մարիա Մանուկ Գաբրիէլեան անդամակցած եւ գործուն մասնակցութիւն բերած է՝
– «Քրիստափոր» Ուսանողական միութեան,
– ՀՄԸՄի Սկաուտական բաժինին,
-Հալէպի Հայ համալսարանական միութեան,
– Սուրիոյ Համալսարաականներու շրջանաւարտից միութեան: