Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութեան, Շաբաթ, 13 Յուլիսին, Շուէտի «Վեսար-Օ» կղզիին վրայ ընթացք առաւ ՀՄԸՄի Եւրոպայի միջցամաքամասային առաջին բանակումը՝ մասնակցութեամբ 182 տարազաւորներու՝ Արցախէն, Հայաստանէն, Շուէտի Սոտերթելիա, Օրեպրու, Սթոքհոլմ եւ Վեսթերոս շրջաններէն, Երուսաղէմէն, Լոնտոնէն, Վիեննայէն, Առնհեմէն, Թիֆլիսէն, Վալանսէն, Մարսիէյէն եւ Յունաստանէն։
Բանակումին բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 14 Յուլիսին։
Բանակումի ընդհանուր խմբապետուհին Սոտերթելիայէն Նենսի Խաչատուրեանն էր։ Գործադիր խմբապետական կազմի անդամներն են՝ Յակոբ Սահակեան (Վիեննա), Ալիս Սարգիսեան (Սոտերթելիա) եւ Յարութ Արծիւ Երէցեան (Սոտերթելիա)։