Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ ընթացքի մէջ է իր այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագիրը, որուն մասնակցողները կու գան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէ, իրենց հետ բերելով Հայկական Հարցը ջատագովելու իւրայատուկ փորձառութիւններ, որոնք աւելիով պիտի հարստանան 10 շաբաթեայ վարժողական ծրագիրին շնորհիւ։
Ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակցողները պետական հարցերու, հաղորդակցութեան, մամուլի, համայնքային յարաբերութիւններու, դաշինքներ կազմելու եւ ուսումնասիրութեան ոլորտներուն մէջ յատուկ ծրագիրներ եւ աշխատանքներ պիտի իրականացնեն, զարգացնելով ոչ միայն Հայ Դատի ջատագովման, այլ նաեւ՝ իրենց ապագայի զարգացման համար կենսական ձիրքեր։
«Վարժողական մեր ծրագիրները լուսարձակի տակ կ՛առնեն Հայ Դատին յանձնառութիւնը՝ մեր համայնքին ղեկավարներու յաջորդ սերունդը պատրաստելու գործին նկատմամբ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Սարգիս Պալխեան՝ աւելցնելով, որ ծրագիրին այս տարուան մասնակցողները վստահաբար յատկանշական ներդրում պիտի ունենան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի բարգաւաճման մէջ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի 2024ի վարժողական ծրագիրին մասնակցողներն են.
– Ալինա Իսախանեան, որ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Տէյվիսի մասնաճիւղի քաղաքական գիտութիւններու ուսանող է.
– Անի Մոսքոֆեան՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի իրաւաբանութեան ուսանող.
– Արտա Թէրզեան՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սանթա Պարպարայի մասնաճիւղի քաղաքական գիտութիւններու ուսանող.
– Արթուր Մելիքեան՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն քաղաքական գիտութիւններու ճիւղի շրջանաւարտ.
– Էլին Մանուկեան՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի քաղաքական գիտութիւններու ուսանող.
– Կերի Շիրիքճեան՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի իմաստասիրութեան, քաղաքականութեան եւ տնտեսագիտութեան ուսանող.
– Իզապէլ Նարկիզեան՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի քաղաքական գիտութիւններու ուսանող.
– Ճեմմա Պօղոսեան՝ Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու ուսանող։
(Քաղուած Անի Մոսքոֆեանի լրատուութենէն)