Մեր մեծերը կ’ըսէին, թէ ամէն մարդ իր զոյգը ունի այս աշխարհի վրայ: Զոյգ ըսելով, անոնք կը հասկնային ո՛չ թէ կեանքի ընկերը, կամ այն՝ որ ապագային կեանքի ընկեր պիտի դառնայ, այլ՝ ֆիզիքապէս, արտաքնապէս մէկու մը նմանութիւնը ունեցող անձ մը: Ուրեմն, «մենք մեզի կրնանք հանդիպիլ» օր մը,-կ’ըսէին անոնք,- երբ հայելիի մէջ մենք մեզ դիտելու պէս, մեր դիմացը տեսնենք մեր նմանը եղող անձը: Անշուշտ կրնայ պատահիլ, որ չհանդիպինք անոր, եթէ անիկա կը գտնուի տարբեր ցամաքամասի վրայ, կամ հեռու երկրի մը մէջ: Սակայն կը պատահի նաեւ, որ իրարու հետ ֆիզիքական նմանութիւն ունեցող երկու անձեր միեւնոյն երկրին ու քաղաքին մէջ բնակին եւ օր մըն ալ հանդիպին իրարու:
Կան նաեւ երկուորեակ կամ եռեակ ծնունդներ, ինչպէս նաեւ բժշկագիտական նոր հնաւորութիւններով՝ քառեակ կամ հնգեակ, մինչեւ իսկ վեցեակ ծնունդներ…: Ասոնց պարագային երբեմն մեծ նմանութիւններ կ’ըլլան եղբայր-քոյրերու միջեւ, երբեմն ալ, զարմանալի ըլլալու աստիճան, իրարու ներհակ արտաքին ունեցող անձեր կը յայտնուին…: Երկուորեակներ տեսած եմ, որոնցմէ մին թուխ մորթով ու կարճահասակ էր, իսկ միւսը սպիտակամորթ ու բարձրահասակ…, եւ սա նոյնիսկ իրենց պատանութեան տարիքին մէջ եւ ո՛չ թէ չափահասութեան կամ միջին տարիքին, երբ որոշ չափով տարբեր կազմաւորում կը սկսի ունենալ մարդկային մարմինը:
Վերոյիշեալ արտաքին նմանութիւններուն մասին չէ՛ մեր գրութեան նպատակը սակայն, այլ ներքին՝ բնաւորութեան ու խառնուածքի նմանութիւններուն մասին: Դարձեալ, անցնող սերունդի պատկանող մեր հայրերն ու մայրերը, երբ տեսնէին իրարու շատ յարմար եղող անձերու միացումը, գոհունակ ժպիտով մը կ’ըսէին՝ կաթսան դարձեր-դարձեր իր կափարիչը գտեր է: Պատկերաւոր բացատրութիւն մըն է, զոր զանազան իմաստներով ու տարբեր կացութեանց մէջ կը գործածէին մեր նախնիք: Այսպէս, երբ երկու երկարահասակներ կամ կարճահասակներ իրարու հետ ամուսնանային, կամ աւելին՝ մտային միեւնոյն մակարդակը ունեցողներ իրարու հետ կարգուէին, պատկերաւոր այս բացատրութիւնը կը տրուէր: Անշուշտ, միշտ զուարթախօսութեան շրջագծէն ներս կ’ըլլային նման արտայայտութիւնները, առօրեայ կեանքը համեմելու համար:
Խառնուածքի ու բնաւորութեան նմանութիւններ ունեցող անձեր եւս զիրար կը գտնեն: Անոնք անպայման կեանքի ընկերներ դառնալու եւ իրարու հետ կարգուելու խնդիր չունին: Կրնան երկու այր կամ երկու կին անձեր ըլլալ, միեւնոյն նախասիրութիւններով, ու երբեմն միեւնոյն նիւթերու արծարծումով հաճոյացող:
Ամէնէն աւելի ընդհանրացած պարագան այս գծով, բամբասողներուն զիրար գտնելու եւ իրարու միանալու երեւոյթն է: Այս իմաստով, տարբեր տեսակէտներ կան նման անձերու խմբաւորումը բացատրող: Ոմանք տարիքային գործօնը կը մատնանշեն, ըսելով՝ թէ որոշ տարիքէ ետք մարդ էակը պիտի քննադատէ, խօսի, բամբասէ: Սակայն շատեր համաձայն կրնան չըլլալ այս տեսակէտին, որովհետեւ բազմաթիւ ծերերու օրինակներ կարելի է բերել, ցոյց տալով անոնց պարկեշտ նկարագիրը, հաւասարակշռուած մտածողութիւնը, զուսպ արտայայտութիւնները եւ արդարադատութիւնը: Բարեկամ մը այս մասին խօսելով կ’ըսէր, թէ՝ ինչ որ էիր եօթ տարեկանիդ, նոյնը պիտի ըլլաս երբ եօթանասուն տարեկան ըլլաս: Այս կը նշանակէ, որ բնաւորութիւնը կարելի չէ փոխել, եւ ինչպէս որ կազմաւորուած է մարդ անհատը, նոյն խառնուածքով պիտի մնայ մինչեւ մահ: Որոշ տարիքի մը կրնայ փոփոխութիւն կրել բնաւորութիւնը, սակայն եօթ տարեկանին դրուած արմատը, եօթանասունին դարձեալ միեւնոյն ծիլը պիտի տայ…:
Վերոյիշեալ այս գործօնը յառաջ քշողներուն մտքին մէջ կայ նաեւ հետեւեալը, ըստ որուն, տարեց անձ մը, իր կեանքի փորձառութենէն մղուած, կրնայ չհաւնիլ ինչ որ իր չափանիշներուն համապատասխան չէ: Իր կեանքի ընթացքին տեսածն ու սորվածը ան միշտ նկատի կ’ունենայ իբրեւ ուղիղն ու ճիշդը եւ անոր հակառակ եղող ամէն անձ ու երեւոյթ պարզապէս քննադատելի կը դառնան իր ակնոցով:
Այլ տեսակէտ կ’արտայայտեն ոմանք, ըսելով, թէ կիներ շատ աւելի «գործունեայ» կ’ըլլան այս մարզէն ներս, իսկ անոնց տարեց տեսակները՝ քառապատկուած թափով յառաջ կը տանին իրենց «աշխատանքը»: Թերեւս նման արտայայտութիւն հաճելի չթուի ոմանց, սակայն որոշ ճշմարտութիւն մը կայ այստեղ: Իսկ ամէնէն աւելի ահաւոր «միացումը» կը կատարուի, երբ բամբասող պառաւներու միանայ բամբասելու ունակութիւն ունեցող երիտասարդ մը: Անիկա կը դառնայ քարբ, որ թէեւ փոքրամարմին, սակայն այն սողունն է, որ օձին բերանը թոյն կը լեցնէ: Ուրեմն, բամբասող պառաւներու բնազդային սովորութիւնը «արդիւնաբերող» անձը կը դառնայ այն երիտասարդը, որ կանացի այս տխուր ունակութիւնը ծնունդէն ունենալով, կը գործակցի անոնց հետ:
Երիտասարդին մօտ բամբասելու սովորութիւնը առհասարակ կ’ունենայ իր դրդապատճառը: Նախ ըսենք, որ առողջ դաստիարակութիւն ստացած երիտասարդ մը հեռու կը մնայ այս հիւանդագին վիճակէն ու ախտէն: Ամէնէն աւելի «տրամաբանական» նկատուած պատճառը անոր բամբասելու ունակութեան, նախանձն է: Այս մոլութիւնը պատճառ ու առիթ կը հանդիսանայ, որ երիտասարդ մը թողու դրական աշխատանքի իր ուղիղ ընթացքը եւ միանայ պառաւած կիներու անել ճամբուն: Դէպի գերեզման ուղղուած անոնց ճամբուն վրայ «սնունդ» կամ «կենսանիւթ» կը հայթայթէ երիտասարդը իր աւիւնով ու եռանդով, երբ իր մրցակիցները կը բամբասէ ու մանաւանդ իր «գործակից» պառաւներուն բերնէն «հաճելի» զրոյցներ կը լսէ իր հակառակորդ նկատած անձերուն մասին:
Երկրորդ դրդապատճառը կրնայ անգործութիւնը ըլլալ: Անգործ մարդոց գործն է բամբասանքը: Լսուած խօսք է այս ու յաճախ կրկնուած: Այնպէս ինչպէս աննկատ դարձած պառաւները իրենց շրջապատին մէջ հետաքրքրական ու փնտռուած ըլլալու համար կը բամբասեն, նոյնպէս ալ կարգ մը երիտասարդներ ուրիշներուն ուշադրութիւնը իրենց վրայ հրաւիրելու համար բամբասանքը առօրեայ գործի կը վերածեն:
Պառաւներու հետ նոյնանալով բամբասենք կատարող երիտասարդին պէտք է միայն մէկ յիշեցում կատարել, զայն սթափեցնելու բարի յոյսով. նմանը իր նմանը կը գտնէ: Արդեօ՞ք պիտի ուզէիր երիտասարդական տարիքիդ կայտառութիւնը նմանցնել անհրապոյր պառաւներու խամրած դէմքին ու հոգիին: