Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սայետ Ալի Խամենէի 28 Յուլիսին, Մասուտ Փեզեշքեանը նշանակեց Իրանի նախագահ: Աւելի ուշ, տեղի ունեցաւ նախագահի երդման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին երկրի զանազան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ճեմարաններու եւ համալսարաններու դասախօսներ, գործարարներ, իրանցի նահատակներու խումբ մը ընտանիքներ եւ Իրանի մէջ հաւատարմագրուած օտար դեսպաններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.