ՔՈՓԵՆՀԱԿԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Դանիոյ վարչապետ Անտրէս Ֆոկ Ռասմիւսընի կեդրոն-աջ կառավարութիւնը խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելով, ապահովեց պաշտօնավարութեան երրորդ յաջորդական նստաշրջան մը։ Անոր ազատական-պահպանողական դաշինքն ու դաշնակիցները Դանիոյ 179 աթոռէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ 90 աթոռ ապահոված են, իսկ Ընկերվար ժողովրդավարներու ղեկավարութեամբ կեդրոն-ձախ ընդդիմութիւնը՝ 84 աթոռ։
Ռասմիւսըն ներկայիս իշխող համախմբումը ընդարձակելու համար Սուրիոյ մէջ ծնած պաղեստինցիի մը ղեկավարութեամբ նոր կուսակցութեան մը հետ դժուար բանակցութիւններ կը դիմագրաւէ։
Յատկանշական է, որ ընտրութեանց մասնակցութեան համեմատութիւնը գերազանցած էր 2005 թուականի արդիւնքը՝ հասնելով 86 առ հարիւրի։
54ամեայ Ռասմիւսըն ընտրական արդիւնքներուն յստականալէն ետք իր համակիրներուն ըսաւ. «Դանիոյ համար շատ լաւ օր մըն է։ Ամէն ինչ ցոյց կու տայ, թէ կառավարութիւնը կրնայ շարունակել իր պաշտօնավարութիւնը»։
Միւս կողմէ, Ընկերվար ժողովրդավարներու ղեկավար Հելլը Թորնինկ Շմիտթ ընդունեց, որ իր կուսակցութիւնը դարձեալ ձախողած է բաւարար քուէներ ապահովել։ «Յաջորդին աւելի լաւ արդիւնք ձեռք կը բերենք», ըսաւ ան։
Բոլոր քուէներուն հաշուարկէն ետք պարզուեցաւ, թէ վարչապետին կուսակցութիւնը վեց աթոռ կորսնցնելով ապահոված է 46 աթոռ, մինչ պահպանողականները վերատիրացած են իրենց 18 աթոռին։
Ռասմիւսընի գլխաւորած համախմբումը ներկայիս պէտք է պաղեստինցի գաղթական Նասէր Խատէրի գլխաւորութեամբ նորակազմ Նոր դաշինք կուսակցութիւնը իր կազմին մէջ ներառելու մասին որոշում մը տայ։
Վերլուծաբաններ կ՚ըսեն, որ ներգաղթի ընդդիմացող ու վարչապետին դաշնակից Դանիոյ ժողովուրդի կուսակցութիւնը եւ Խատէրի կուսակցութիւնը ներառող համախոհական կառավարութիւն մը անկայուն պիտի ըլլայ։