Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Սիւնիքով անցնող հաղորդակցութիւններու հարցով մեղադրեց Երեւանը:
«Մենք կողմ ենք խաղաղութեան համաձայնագիրի շուտափոյթ ստորագրութեան եւ երթեւեկի հաղորդակցութեան ապաշրջափակման: Դժբախտաբար, Հայաստանի Սիւնիքի մարզով անցնող հաղորդակցութեան ուղիներուն, ինքնին հայկական ղեկավարութիւնը խափանարարութեան կ՛ենթարկէ համաձայնութիւնը, որուն տակ կայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրութիւնը: Դժուար է հասկնալ այդպիսի դիրքորոշումի մը իմաստը», ըսաւ Լաւրով ռուսական «Առաջին Ալիք» պատկերասփիւռի ընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Ան պնդեց, որ եռակողմ հանդիպումներու եւ փաստաթուղթերու ծիրին մէջ դրուած հիմքը բոլորովին կը պահպանէ իր այժմէականութիւնը, սակայն ան ոչ մէկ բառ արտասանեց եռակողմ փաստաթուղթերու միւս բոլոր կէտերը պահպանելու կամ չպահպանելու մասին:
Շաբաթներ առաջ յայտնի դարձած էր, որ տարածաշրջանային ապաշրջափակման հարցը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ քննարկուող խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծէն հանուած է: