Վերջ երկու օրերուն ընթացքին, երկրորդ անգամն ըլլալով Պաքու կը մեղադրէ հայկական կողմը՝ սահմաններուն վրայ ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ կրակ բանալուն մէջ։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկու պարագաներուն հերքեց այդպիսի բաներ պատահած ըլլալը։
18 Օգոստոսին, ըստ Պաքուի, հայկական բանակը կրակեց Վարդենիսի շրջանի դիրքերէն Քարվաճառի ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ: «Ադրբեջանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը, թէ իբր Օգոստոսի 18ին` ժամը 23:50ի սահմաններում, ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ են բացել սահմանագօտու արեւելեան հատուածում տեղակայուած ադրբեջանական դիրքերի ուղղութեամբ, չի համապատասխանում իրականութեանը», Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Իսկ 17 Օգոստոսին, Պաքուն մեղադրած էր Հայաստանը՝ Նախիջեւանի Ջուղայի շրջանի Ատրպէյճանի բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ կրակելուն մէջ: Հայկական կողմը հերքեց այս հաղորդումը` յիշեցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի առաջարկը զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան միացեալ գործիքակազմ մը յառաջացնելու: