ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆԻ ԹԱՐՄ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

2012ին, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն եւ սուրիահայութեան գոյատեւման դաժան պայմաններուն մէջ ստեղծուած ՍԱՐՖը (Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինը), կեանքի կոչուեցաւ Ամերիկայի ազգային, քաղաքական եւ հոգեւորական ղեկավարութեանց կողմէ, ուր միաձայնութեամբ արդարօրէն ատենապետ նշանակուած էր այսօր մեզմէ ֆիզիքապէս յաւէտ հեռացած՝ յարգարժան ու պատուարժան պրն․ Զաւէն Խանճեանը:
Համեստօրէն, մեծ բախտաւորութեամբ մը, նուաստս, որպէս ՍԱՐՖի ատենադպրուհի-քարտուղար, առիթը ունեցայ կողք կողքի, մօտիկէն գործակցելու իմաստուն եւ շրջահայեաց «Մարդ» արժէքին՝ Զաւէն Խանճեանի հետ:
Յիշատակդ միշտ մեծարելի, մեր բոլորին կողմէ յարգելի եւ սիրուած Զաւէն Խանճեան, բոլոր անոնց հետ, որ գործած եւ աշխատակցած, թէ խորհրդակցած ես, առաջնորդուած ես քու արդար եւ անկողմնակալ մտքերով ու գաղափարներով եւ ի հարկին՝ մեծ նուիրումով առաջնորդուած եւ առաջնորդած ես յանձնառութիւններդ եւ ծրագիրներդ: Այսպէս, մեր բոլորին ապրող յուշերուն մէջ անմոռանալի տպաւորութիւններով եւ ազդեցութիւններով յաւերժ պիտի ապրի՛ս, որպէս յարգելի ու սիրելի պրն․Զաւէն Խանճեան:
Կը յիշեմ, դէմքիդ վրայ գծուած լայն ու անկեղծ ժպիտդ, որ կը ներկայացնէր բարի ու խոհուն նայուածքդ, որուն մէջ կը դրոշմուէր իմաստուն եւ դիւանագէտ խոհերդ, որոնք համահունչ էին մաքուր եւ թափանցիկ նկարագրիդ:
Կը յիշեմ, թէ որքան հիացմունքով կը հետեւէի հայերէնի հարուստ եւ կշռուած բառապաշարիդ, շրջահայեաց եւ արդարամիտ գաղափարներուդ եւ տեսակէտներուդ, որոնք խոր դիւանագիտութեամբ կ՛արտայայտէիր՝ քաղաքական, կրօնական, ազգային թէ ընկերային բոլոր նկատառումներով, ապա որոշումներդ կը կայանային ամենաբարին եւ անհրաժեշտը նկատի առնելով:
Գործօն եւ ընկերային մարդ անհատի բարձր արժէքներով առաջնորդուած, իմաստուն եւ օրինակելի համեստ «Մեծ» ընկեր, թէ ղեկավար էիր:
Ի դէպ, անմոռանալի ծննդավայր Հալէպը, արմատացած էր Զաւէն Խանճեանի պարզ եւ խոնարհ, աշխատասէր եւ արդար բնաւորութեան մէջ, վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր անհատ, ընկերային թէ ազգային աշխատանքով, թէ կապերով, որ գործած էր անոր հետ՝ կը հաստատէ շատ աւելին:
Ես, նուաստս, առաւել շրջահայեաց մտքերով թրծուած եմ, ծանօթանալով եւ գործելով Զաւէն Խանճեանի ողջախոհ եւ իմաստուն գաղափարներուն, որոնք ի դէպ, կը հաւատամ, որ բանալին էին իւրաքանչիւր յաջողութեան:
Թէեւ, շա՜տ բան ընկալեցինք, սորվեցանք, տակաւին շատ բան ըմբոշխնելու կարիքը կար, ի ցաւ սրտի, քաջ գիտեմ, որ Զաւէն Խանճեանի հետ նուազագոյն ժամանակը անցնող անհատներու գործնական կեանքին մէջ, շա՜տ բաց մնաց… առ յաւէտ:
Է՜հ, մահը իր ճամբով, կեանքը իր ճամբով: Այսօր եւ ամէն օր։
Յիշատակդ անթառամ՝ իմաստուն եւ ողջախոհ «Մեծ Մարդ», ընկեր-բարեկամ, դիւանագէտ ղեկավար եւ առաջնորդ՝ անզուգական պրն. Զաւէն Խանճեան:
Յետ մահու խունկ եւ աղօթք անթառամ յիշատակիդ: