Մինսքի մօտ Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Նարեկ Տիրատուրեան հրաւիրուեցաւ Պելոռուսի արտաքին գործոց նախարարութիւն` Հայաստանի մօտ այդ երկրի դեսպանատան մօտ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն լոյսին տակ: Այս մասին «Թասս»ին յայտնեց գերատեսչութեան խօսնակ Անաթոլի Կլազ:
«Հայ դիւանագէտը մանրամասնօրէն տեղեակ պահուած է Երեւանի մօտ Պելառուսի դեսպանութեան շէնքին նկատմամբ խումբ մը անձերու կողմէ իրականացուած վանտալութեան, Պելոռուսի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հասցուած վնասին եւ Հայաստանի իրաւապահ մարմիններու ակնյայտ անբաւարար միջոցներուն մասին», Կլազի խօսքերը մէջբերեց «Թասս»ը:
Հայաստանի մէջ, արեւմտամէտ քանի մը ուժեր Երեւանէն պահանջեցին խզել յարաբերութիւնները Մինսքի հետ: Անոնք վրդոված են Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի` հայերուն հասցէին վերջերս ունեցած արտայայտութենէն, թէ՝ «մեզմէ բացի հայերը որո՞ւն պէտք են»։
Նշենք, որ «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան անդամներ եւ համակիրներ՝ իբրեւ նշան բողոքի, 21 Օգոստոսին հաւկիթ, լոլիկներ ու գետնախնձոր նետեցին Առինջի մէջ գտնուող Պելոռուսի դեսպանատան պատերուն: