Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատակիցները Օգոստոսին այցելեցին Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած հայերուն, որոնց կարելիութիւն տրուեցաւ կապ հաստատել իրենց ընտանիքներու անդամներուն հետ։ Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց Կարմիր խաչի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագիրներու պատասխանատու Զառա Ամատունին:
«Տեսակցութեան շրջանակում գնահատուել են պահպան պայմանները, առողջական վիճակը, նրանց հանդէպ վերաբերմունքը», աւելցուց Ամատունին: