Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարզաբանեց շենկենեան գօտիի երկիրներ մեկնող Հայաստանի քաղաքացիներուն դիմումներուն վերաբերող որոշ հարցերը։
Նախարարութիւնը նշեց, թէ վերջին շրջանին ստացած են բողոքներ, թէ քաղաքացիները Հայաստանի մօտ գործող եւրոպական երկիրներու որոշ դեսպանութիւններէն կը ստանան շենկենեան վիզաներ, սակայն տուեալ երկիր ժամանելով՝ անոնց մուտքը կ՛արգիլուի։
Ըստ նախարարութեան` կարգ մը երկիրներ անոնց մուտքը կ՛արգիլուի, որովհետեւ դիմումին մէջ եւ յարակից փաստաթուղթերով կը ներկայացնեն բացառապէս տուեալ երկիր մեկնելու նպատակ, սակայն հետագային՝ վիզան ստանալէ ետք, այցելութեան նպատակը կամ պանդոկի ամրագրումը կը փոխուին:
«Այցելութեան նպատակի նմանատիպ փոփոխութիւնը հիմք է տալիս տուեալ երկրի իրաւասու մարմիններին արգելել մուտքը, քանի որ դա գնահատւում է որպէս այցելութեան յայտարարուած եւ իրական նպատակի կամ պայմանների անհամապատասխանութիւն», նշուեցաւ պարզաբանման մէջ:
Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ շենկենեան վիզայի առկայութիւնը անվերապահ իրաւունք չի տար օտարերկրացիին՝ մուտք գործել այդ գօտի:
«Անձնագրային հսկողութեան ժամանակ կարող են պահանջուել լրացուցիչ փաստաթղթեր, որոնք հիմնաւորում են այցի նպատակը, ինչպէս նաեւ կարող են ստուգուել բաւարար ֆինանսական միջոցների առկայութիւնը, հիւրանոցի ամրագրման վճարուած եւ ուժի մէջ լինելու հանգամանքը, վերադարձի ինքնաթիռի տոմսի, այլ երկրներ ճամփորդելու վերաբերեալ հնարաւոր տեղեկութիւնների առկայութիւնը եւ այլն: Վիզա ստանալու համար անհրաժեշտ է դիմել շենգենեան գօտու այն երկրի դեսպանութեանը, որտեղ նախատեսւում է այցելութիւնը, իսկ մի քանի երկրներ այցելելու դէպքում` հիմնական (առաւել երկար ժամկէտով) այցելութեան երկրի դեսպանութեանը», նշեց արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:
Ըստ յայտարարութեան` անհրաժեշտ է հաշուի առնել նաեւ, որ վիզան ստանալէ ետք` այցելութեան նպատակի, երկրի, ժամկէտներու եւ այլ պայմաններու որեւէ անհամապատասխանութիւն կամ հետագայ չհիմնաւորուած փոփոխութիւն կրնայ պատճառ ըլլալ, որ անձին մուտքը տուեալ երկիր արգիլուի եւ տրուած վիզան չեղարկուի` ինչպէս սահմանին, այնպէս ալ նախքան մեկնումը: