Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան նախորդ շաբաթուան աւարտին «Ամբերդ» պանդոկին մէջ մասնակցեցաւ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան նիստին: Խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան ըսաւ, թէ նիստը ինքը վարեց, քննարկելով իրենց յառաջիկայ կատարելիքները:
Նիստին մասնակցած ընդդիմադիր պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին փակագիծերը բանալով՝ ըսաւ. «Ի հարկէ, ներքաղաքական զարգացումները նաեւ կարեւոր տեղ են ունեցել քննարկման մէջ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իշխանափոխութեան հասնելու ճամբուն վրայ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Քոչարեան պայքարի ինչպիսի՞ մեթոտներու մասին խօսեցաւ՝ պատգամաւորը նշեց, թէ խմբակցութեան նիստին ոչ թէ յանձնարարականներ տրուեցան, այլ տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում:
Անդրադառնալով այն հարցին, որ փողոցային պայքարի մասին խօսուա՞ծ է՝ ան արձագանգեց. «Մեր որեւէ քննարկում փողոցային տարբերակը երբեք չի բացառուել: Բայց մենք հիմա ունենք ընդդիմադիր շարժում, շարժման առաջնորդը յայտարարում է ինքը, որ աշնանը նոր թափով պատրաստւում են գործողութիւններ, եւ մենք էլ, ինչպէս յայտարարել ենք Մայիսին, այնպէս էլ այս պարագայում մեր բոլոր գործիքակազմերով եւ միջոցներով եւ հնարաւորութիւններով աջակցում ենք շարժմանը»։
Առայժմ յայտնի է, որ Բագրատ սրբազանին առաջնորդած շարժումը Սեպտեմբերի սկիզբը կը նախատեսէ աջակիցներուն մասնակցութեամբ մեծ հաւաք կազմակերպել: Այս պահուն, սակայն, շարժումը տարածքի փնտռտուքներու մէջ է։ Շարժման ղեկավարներէն պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան յայտնեց, որ տարբեր պատճառաբանութիւններով իրենց պարզապէս կը մերժեն տարածք տրամադրել:
«Հանրային բաւարար տրամադրուածութիւններ կան իշխանափոխութեան համար: Այլ հարց է, թէ ինչպիսի գործիքակազմ եւ մօտեցում կ՛որդեգրուի», նշեց Քրիստինէ Վարդանեան:
Խորհրդարանի աշնանային նստաշրջանին, որ պիտի սկսի 9 Սեպտեմբերին, ընդդմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները հանդէս պիտի գան Յունիս 12ին ցուցարարներուն դէմ յատուկ միջոցներ գործադրած ոստիկաններու գործողութիւնները քննող յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկով: