Հայաստանի Քննչական կոմիտէի փոխնախագահ Արսէն Այվազեան 27 Օգոստոսին ընդունեց Հայաստան գտնուող «Էֆ.Պի.Այ.»ի Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ նորանշանակ իրաւական կցորդ Ալեքսանտր Վ. Թայկայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէէն յայտնեցին, որ՝ շնորհաւորելով Ալեքսանտր Վ. Թայկայի այսպիսի պատասխանատու պաշտօն մը ստանձնելուն առիթով, Արսէն Այվազեան յայտնեց, թէ ինք վստահ է, որ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի եւ «Էֆ.Պի.Այ.»ի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հետ ձեւաւորուած ջերմ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը յաջողութեամբ կը զարգանայ։ Այս ծիրին մէջ ան նկատել տուաւ, որ նկատի պէտք է առնուին Թայկայի նախընթաց գործունէութեան հարուստ փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ` 2023ին, Հայաստանի Քննչական կոմիտէի եւ «Էֆ.Պի.Այ.»ի միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան յուշագիրով ստեղծուած կարելիութիւնները, որոնք նոր մակարդակի բարձրացուցին երկու կառոյցներուն յարաբերութիւնները:
Թայկայ յայտնեց, թէ ինք համոզուած է, որ երկու երկիրներուն իրաւապահ կառոյցներուն միջեւ փոխգործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի հզօրացման միտող միացեալ ծրագիրներու հետագայ իրականացումը էապէս պիտի խթանեն յատկապէս անդրազգային յանցագործութիւններու դէմ քրէական-իրաւական պայքարին մէջ երկուստեք ներդրուող ջանքերը եւ պիտի նպաստեն Հայաստանի մէջ քրէական արդարադատութեան զարգացման:
Հանդիպման ընթացքին, Այվազեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ քննչական համակարգի կառուցային եւ գործառոյթներու յատկութիւնները եւ Հայաստանի Քննչական կոմիտէին մէջ բարեփոխումներու ընթացքը:
Միտքեր փոխանակուեցան արդէն իսկ ձեւաւորուած հարուստ հիման վրայ համագործակցութիւնը զարգացնելու նոր հնարաւորութիւններու եւ ձեւաչափերու շուրջ: Կարեւոր նկատուեցաւ հանրային առանձնակի վտանգ ներկայացնող յանցագործութիւններով նախաքննութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, քրէական վարոյթներով տեղեկատուութեան եւ փորձառութիւններու փոխանակման գործընթացներու շարունակութիւնը: