Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ֆրանսայի իշխանութիւնները «Թելեկրամ» ընկերային ցանցի հիմնադիր Փաւել Տուրովը ձերբակալեց մէկու մը խորհուրդով` ուզելով գաղտնագրման գաղտնաթիւերու հասանելիութիւնը ստանալ: «Ասիկա կ՛ապացուցէ, որ պատգամները (message-ները) «իսկապէս պաշտպանուած են», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Իսկ գալով այդ հարթակի օգտագործման՝ անիկա շատ յարմար է, իսկապէս պաշտպանուած է: Ամէն պարագայի, եթէ ոեւէ մէկը անոր վերաբերող կասկածներ ունէր, հիմա, երբ Տուրովը ակնյայտօրէն մէկու մը խորհուրդով բռնած են եւ անոր կը սպառնան ահեղ պատիժով` ակնկալելով, հաւանաբար, ձեւով մը գաղտնագրման գաղտնաթիւերուն հասանելիութիւն ստանալ, հիմա անիկա արդէն ապացուցուած է ֆրանսացիներուն գործողութիւններով, որ «Թելեկրամ»ը իսկապէս յուսալի եւ հանրածանօթ ցանց է», մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ Լաւրով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.