Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան արտերկրի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հետ այցելեց Կիրանց՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջպետական սահմանը:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն կը հաղորդեն, որ Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավար կազմին տեղւոյն վրայ ներկայացուեցան իրականացուած եւ ընթացիկ աշխատանքներու մանրամասնութիւնները:


Բողոքի ցոյցերուն զուգահեռ իրականացուած հատուածական սահմանազատումով 12 քիլոմեթր երկայնքով նոր սահման գծուեցաւ, հայկական տուներ ու տարածքներ անցան Ատրպէյճանին:
Այժմ սահմանագծուած հատուածին վրայ, Բաղանիսէն մինչեւ Կիրանց փշալարեր, սահմանային սիւներ ու բարձր՝ քօղարկող պատեր կան: