
Չորեքշաբթի, 28 Օգոստոսի երեկոյեան, Գահիրէի «Յուսաբեր» ակումբի «Գարագաշեան» սրահին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական հանդիսութեամբ մեկնարկը տրուեցաւ համա-ՀՄԸՄական խմբապետական Թ. համագումարին, որ կ’երկարի մինչեւ Կիրակի, 1 Սեպտեմբեր:
Բացման հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, Եգիպտոսի թեմի եւ Երուսաղէմի պատրիարքական կառավարիչ հայ կաթողիկէ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան, Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Մկրտիչ Կարապետեան, թեմական ժողովի ատենապետ Գէորգ Երզնկացեան, ՀՅԴ Եգիպտոսի Առանձնակի կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Արմէն Մազլումեան, «Յուսաբեր» Մշակութային ընկերակցութեան ատենապետ Շանթ Կապէեան, հրաւիրեալներ եւ հիւրեր: Ներկայ էին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան դիւանի եւ սկաուտական կորիզի անդամները, ՀՄԸՄի Գահիրէի «Արարատ» Մեկուսի շրջանի անցեալի եւ ներկայի վարչականներ եւ համագումարին մասնակցող 24 շրջաններու 38 խմբապետ-խմբապետուհիներ:
ՀՄԸՄ «ԱՐԱՐԱՏ»Ի ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Եգիպտոսի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց ՀՄԸՄի Գահիրէի «Արարատ» Մեկուսի շրջանի ատենապետ Լեւոն Դելփեան: Ան իր ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը յայտնեց համա-ՀՄԸՄական խմբապետական 9րդ համագումարին՝ Եգիպտոսի մէջ կազմակերպման համար եւ նկատել տուաւ, որ ուշագրաւ է համագումարին երիտասարդ տարրերու մասնակցութիւնը, ինչ որ մեծ յոյս կը ներշնչէ ՀՄԸՄի հայանուէր գործունէութեան ծաւալման համար: ՀՄԸՄը ունի լաւ պատրաստութեամբ, առողջ եւ հմուտ տարրեր, որոնք միշտ պատրաստ են շարունակելու իրենց նախորդներուն գործը:
Դելփեան յայտնեց, որ համագումարին կազմակերպումը կը զուգադիպի Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ»ի հիմնադրութեան 110ամեակին: Մեկուսի շրջանը Սփիւռքի տարածքին մարզական-սկաուտական գործունէութիւն ծաւալած երկրորդ հնագոյն կեդրոնն է Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ-«Կամք»էն ետք: Դելփեան այս առիթով գնահատեց ՀՄԸՄի Գահիրէի «Արարատ» Մեկուսի շրջանին հանդէպ գաղութի ազգային մարմիններուն եւ ժողովուրդին ցուցաբերած մնայուն աջակցութիւնը եւ յաջողութիւն յայտնեց համագումարի աշխատանքներուն:
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՈՂՋՈՒՆՈՂ ԽՕՍՔԵՐՈՒ ՏԵՍԵՐԻԶԸ
Ապա, ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ համագումարին մասնակցողներուն իրենց ողջոյնի խօսքերը կը փոխանցէին համա-ՀՄԸՄական բանակումներու նախկին ընդհանուր խմբապետներ:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Յակոբ Խաչերեան: «Սկաուտութիւնը ՀՄԸՄի համար պարզապէս կիրակնօրեայ հաւաք կատարող, տողանցք, արշաւ եւ բանակում իրականացնող տարազաւորներու խումբ մը չէ: Սկաուտութիւնը ամէն բանէ առաջ Քիփլինկի բնութագրած ապագայ մարդը պատրաստող շարժում մըն է, ուր պատանիներ մարմինի, միտքի եւ հոգիի առողջութեամբ կը պատրաստուին գալիքին մարդկային ու ազգային պատասխանատուութիւններ ստանձնելու», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, սուր անհրաժեշտութիւնը կայ Հայաստանի մէջ քաղաքացիական իր պարտաւորութիւններուն գիտակից, Սփիւռքի մէջ ազգային իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնող հայ մարդ ունենալու: Իսկ սկաուտութիւնը այն իտէալ միջավայրն է, որուն առողջարար մթնոլորտին մէջ, կարելի է լաւագոյնս կերտել այդպիսի մարդիկ, հայե՛ր, որոնք իրենց պատրաստութեամբ, պարտաճանաչութեամբ եւ նուիրումով կը զատորոշուին բոլորէն եւ կը դառնան մեր կեանքին անհրաժեշտ թթուածինը ներարկող ուժեր»:
Ապա, ՀՄԸՄի սկաուտական համագումարներու դերակատարութեան մասին արտայայտուելով՝ Խաչերեան հաստատեց. «Միութեան համագաղութային կառոյցի վերածուելէն մինչեւ օրս կատարուած են 8 համագումարներ, որոնք անպայման նորութիւն մը, յառաջդիմութիւն մը բերած են ՀՄԸՄի սկաուտական շարքերուն: Արդիականութիւն՝ սկաուտական հաւաքներու եւ յայտագիրներու, փոփոխութիւն՝ դասագիրքերու եւ մանկավարժական մօտեցումներու, իսկ ամէնէն կարեւորը՝ տեւական թարմութիւն՝ հայեցի դաստիարակութեան ժամանակակից եւ ազդու ծրագիրներու»:
Շարունակելով, Խաչերեան կարեւորութեամբ ընդգծեց հետեւեալը. «Համա-ՀՄԸՄական Թ. խմբապետական համագումարը կոչուած է ճշդելու, թէ հայ կեանքի այս տագնապալի օրերուն, ո՞ւր պիտի ուղղուի եւ ինչպէ՞ս պիտի ուղղուի ՀՄԸՄի սկաուտութիւնը: Հիմնական ի՞նչ նպատակներ հետապնդելով եւ այդ նպատակներուն հասնելու ի՞նչ միջոցներ որդեգրելով»:
Իր խօսքին աւարտին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը շնորհաւորեց Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ»ի հիմնադրութեան 110ամեակը՝ աւելցնելով. «Գահիրէն յատուկ տեղ ունի ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ, իբրեւ ՀՄԸՄի հիմնադրութենէն առաջ ստեղծուած մարզական-սկաուտական կեդրոն մը, իբրեւ եգիպտահայ աթլեթիք մրցումներու կազմակերպիչ եւ իբրեւ հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ականներու մնայուն դարբնոց»:
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԸ
Այնուհետեւ խօսք առաւ Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄի յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկը այն է, որ իւրաքանչիւր պատասխանատու ՀՄԸՄական կրցած է իրեն յաջորդող սերունդներուն անհատականութիւնը ձեւաւորել, եւ այդ առումով ՀՄԸՄը պատմութեան մէջ արձանագրուած է ո՛չ միայն իբրեւ կազմակերպութիւն, այլ՝ իբրեւ ազգային կեանքի մէջ շօշափելի ներկայութիւն ունեցող միութիւն: Միութիւն, որ սփիւռքեան իր իրավիճակէն դուրս գալով՝ կրցած է կարեւոր ներկայութիւն դառնալ նաեւ Մայր Հայրենիքի մէջ, որովհետեւ իրեն խնամքին յանձնուած սերունդները դաստիարակած է հայրենիք տեսնելու, հայրենիք ունենալու՝ ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ ապրելու եւ գործելու տեսլականով:
Մնացականեան եպիսկոպոսը իր խօսքը ՀՄԸՄի պատասխանատու պաշտօն ստանձնած խմբարետ-խմբապեհուհիներուն ուղղելով՝ ըսաւ. «Այսօր մեր հայ իրականութիւնը այնպիսի կացութեան մէջ կը գտնուի, որ անհրաժեշտ է նոր սերունդին մէջ արթնցնել ազգայինը-հայրենասիրականը, որովհետեւ համաշխարհային այլասերումը, ազգային արժէքներու ոտնահարումը իր ճանկերը հասցուցած է մինչեւ Մայր Հայրենիք, ուր եւս կը տեսնենք ազգակործան գործունէութիւններ: Հետեւաբար,- շեշտեց սրբազանը,- այսօր ձեզմէ իւրաքանչիւրէն կը պահանջուի ո՛չ միայն բարձրանալ եւ բարձրացնել, այլ՝ ձեր պատասխանատուութեան յանձնուած իւրաքանչիւր փոքրիկի հոգիին մէջ արթնցնել ազգայինը, բարձրացնել զայն անտարբերութենէ, բարձրացնել այն բոլոր վնասակար երեւոյթներէն, որոնց մէջ կրնան խեղդուիլ ազգայինը, մշակութայինը, պատմականը, ապագայ հպարտ հայ անհատ դառնալու կարելիութիւնը:
Առաջնորդին խօսքէն ետք, հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՀՄԸՄի Գահիրէի «Արարատ» Մեկուսի շրջանի եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով:
Պաշտօնական հանդիսութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն մը:
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ
Յայտնենք, որ համագումարը իր նիստերուն սկսաւ նախքան պաշտօնական բացումը, Չորեքշաբթի, 28 Օգոստոսի առաւօտեան, դրօշակի յատուկ արարողութեամբ, որուն ընթացքին խօսք առաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, սկաուտական կորիզի պատասխանատուներէն Աւօ Տէրվիշեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը «Աշխարհը կ՛ընթանայ դէպի անհատապաշտութիւն, նիւթապաշտութիւն, ընկերային անապահովութիւն եւ մեքենապաշտութիւն, մինչդեռ ՀՄԸՄը կը թիավարէ այս բոլորին դէմ, կը դիմանայ եւ կ՛ուռճանայ քանակով ու որակով, հինգ ցամաքամասերու վրայ պահելով նորահաս հայ սերունդներուն ազգային ինքնութիւնը եւ դիմագիծը»:
Ապա, Տէրվիշեան իր խօսքը համագումարին մասնակցողներուն ուղղելով՝ ըսաւ. «Խմբապետ-խմբապետուհիներ, ՀՄԸՄի նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ը ուղեցոյց ունենալով, ձեր աշխոյժ ներկայութեամբ պատրաստ եղէք կերտելու ՀՄԸՄի երթը շարունակող նոր «կամաւոր բանակ»ներ, որոնք պիտի գործեն հայապահպանումի առաքելութեամբ, կառչած մնալով միութեան հիմնադիրներուն հաստատած «Առողջ միտքը՝ առողջ մարմինի մէջ» սկզբունքին:
Դրօշակի արարողութենէն ետք, Չորեքշաբթի, 28 եւ Հինգշաբթի, 29 Օգոստոսի առաւօտեան եւ յետմիջօրէի նիստերով համագումարին մասնակցողները քննեցին ՀՄԸՄի սկաուտութիւնը հետաքրքրող կազմակերպական, կանոնագրային, դաստիարակչական եւ քարոզչական բազմաթիւ նիւթեր, զորս հանգամանօրէն ներկայացուցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Թալին Օրտողլեան, Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան, Յակոբ Խաչերեան, Վահէ Թանաշեան, Վիգէն Աւագեան եւ Կեդրոնական վարչութեան թեքնիք աշխատանքներու պատասխանատու Շանթ Տէմիրճեան: