
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ պաշտօնական Երեւան «կը յապաղի Պաքուի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման հարցին մէջ» եւ «անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու գծով»:
«Հայաստան հետաքրքրուած չէ խաղաղութեան համաձայնագիրով եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու գծով: Հայաստան միտումնաւոր կերպով կը ձգձգէ, նոր զէնքեր կը գնէ Ֆրանսայէն, արեւմտեան այլ երկիրներէ, իր տարածքին մէջ երրորդ կողմերուն հետ զօրավարժութիւններ կը կատարէ», յայտարարեց Ալիեւ՝ Ատրպէյճան-Թուրքիա միջխորհրդարանական խումբի ղեկավարին հետ հանդիպումին ընթացքին:
Ալիեւ նաեւ նշեց, թէ Հայաստան երկակի վերաբերում ունի ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի հարցին վերաբերեալ: «Եթէ հակամարտութիւնը անցեալ է, եւ Հայաստանի վարչապետը կը յայտարարէ, որ կ՛աջակցի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ի՞նչ կարիք կայ պահպանելու Մինսքի խումբը, որ անցեալի մնացորդն է», հարցուց Ակիեւ։
Ան դարձեալ կրկնեց, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն ապահովելու համար անհրաժեշտ է Հայաստանի Սահմանադրութենէն վերցնել Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները եւ փոխել Սահմանադրութիւնը: