28 Օգոստոսին, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ շուիահար, տուտուկահար, Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի եւ արցախցի դաշնակահար Նադեժդա Յակոբեանի համերգը, որ կը կրէր «Միասնական» խորագիրը:
Արցախի բռնագրաւումէն ետք ասիկա Զաքար Քէշիշեանի առաջին համերգն է, որ արցախցիները կը համախմբէ Արցախէն դուրս: 30 տարիներու ընթացքին, Զաքար Քէշիշեան դարձած է արցախցիներուն սիրելին, առ այդ, համերգը լաւ առիթ էր մշակութասէր արցախցիներուն՝ դարձեալ հաւաքուելու եւ վայելելու իրենց սիրելի երաժիշտին կատարումները:
Համերգին ներկայ էին նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդը, քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ:
Առաջին անգամ Զաքար Քէշիշեան Արցախ գացած էր 1988ին` Երեւանէն խումբ մը ուսանողներու հետ համերգներ տալու եւ առաջին պահէն իսկ սիրահարած էր Արցախին:

Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբը կազմուած է Շուշիի ազատագրութեան տարիներուն: Այդ օրերուն հիմնադրուած Արամ Մանուկեան վարժարանի մշակութային խումբերէն մէկն էր անիկա: Այդ ատենէն ի վեր, ամէն տարի Զաքար Քէշիշեան՝ այցելելով Արցախ, 2 ամիս կը նուիրէ երգչախումբին` պատրաստելով նոր համերգներ` նոր երգացանկով: Այս 30 տարիներուն յօրինուած են երգչախումբի համար առաւել քան 160 երգեր:
Համերգին ընթացքին Զաքար Քէշիշեան յայտարարեց, որ այժմ ալ Երեւանի մէջ պիտի կազամակերպեն «Երգող Արցախ» երգչախմբային ծրագիրը, որ տեղի պիտի ունենայ 13 Սեպտեմբերին, Երեւանի Կամերային երաժշտութեան տան մէջ: