Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը կրկնապատկէ Հայաստանին տրամադրուող ֆինանսաւորումը` 120 միլիոն տոլարէն դարձնելով 250 միլիոն տոլար։ Այս յայտարարութիւնը կատարեց Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) հայաստանեան գրասենեակը` նշելով, որ ստորագրուած է Զարգացման վերաբերող դրամաշնորհային համաձայնագիրի թիւ մէկ փոփոխութիւնը:
Ըստ վերոնշեալ յայտարարութեան` փոփոխութեան նպատակը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ տնտեսութեան զարգացումը խթանելն է:
1992էն ի վեր, Միացեալ Նահանգները Հայաստանի զարգացման աջակցելու համար, շուրջ 3 միլիառ տոլար տրամադրած է:
Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը կը նշէ, որ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ՝ ըստ Հայաստանի փոխուող կարիքներուն, ներառեալ` վերջերս երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ աշխարհաքաղաքական տեղաշարժերուն:
Ասոր զուգահեռ, Քոնկրեսի Հելսինքիի յանձնաժողովին մէջ առաւել քան մէկ ժամ քննարկուեցաւ այն հարցը, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդեօք խաղաղութեան ու կայունութեան կարելիութիւն կա՞յ, եւ ի՞նչ կրնայ ընել Միացեալ Նահանգները անոր աջակցելու համար։
Քննարկման մասնակցող թէ՛ դեմոկրատական, թէ՛ հանրապետական օրէնսդիրները համակարծիք էին, որ Հայաստան չի կրնար առանձին մարտահրաւէրները յաղթահարել:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պեն Քարտին դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն դուրս գալու որեւէ նշան ցոյց չի տար եւ նոր պահանջներ կը դնէ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը յետաձգելու։
Ըստ անոր՝ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու՝ Ատրպէյճանի պահանջը ծիծաղելի է եւ ոչ-անհրաժեշտ, իսկ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շուրջ երկու տարիներէ ի վեր բանակցուող փաստաթուղթը արդար չէ, որովհետեւ անիկա չ՛անդրադառնար հայկական կողմին համար առանցքային շարք մը հարցերու:
«Որքան հասկցած եմ` անոնք չեն խօսիր նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղի եւ հոնկէ տեղահանուած մարդոց մասին, չեն խօսիր նոյնիսկ սահմանի հարցերուն մասին՝ այն տարածքներուն, որոնք այժմ կը գտնուին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, առ այդ, ասիկա շատ արդար համաձայնագիր չէ: Այդքանով հանդերձ, որքան ես կը հասկնամ, Հայաստան կ՛ուզէ յառաջ շարժիլ, որովհետեւ այդ քայլը սահմանները բանալու եւ երկիրը տնտեսական զարգացման ճիշդ ուղիին վրայ դնելու միակ տարբերակն է», ըսաւ Քարտին:
Միայն Հայաստանի փափաքը բաւարար չէ, շեշտեցին քննարկման մասնակցող քոնկրեսականները եւ տարածաշրջանին քաջածանօթ փորձագէտները՝ ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգները եւրոպացի դաշնակիցներուն հետ պէտք է քաջալերէ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան՝ ընդառաջելու հայկական կողմի զիջումներուն:
Յանձնաժողովի հանրապետական համանախագահ Ճօ Ուիլսըն նշեց, որ նախորդ օրերուն, անձամբ հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահին հետ, որուն նաեւ այդ ուղերձը փոխանցած է:
«Որպէսզի Հայաստան խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայ ունենայ, որպէսզի Ատրպէյճան մրցի, եւ որպէսզի ամբողջ տարածաշրջանը յառաջ շարժի, թէ՛ Թուրքիա, թէ՛ Ատրպէյճան պէտք է բովանդակալից քայլերու ձեռնարկեն Հայաստանի հետ հաշտեցման ուղղութեամբ: Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ աջակցիլ այս գործընթացին, բայց միայն մեր աջակցութիւնը բաւարար չէ, պէտք է տարածաշրջանի բոլոր շահագրգիռ կողմերը համատեղ ջանքեր գործադրեն: Հայաստանի եւ ամբողջ տարածաշրջանի ապագան կախեալ է անկէ, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն եւ տարիներուն», ընդգծեց Ուիլսըն:
Իսկ բարդ բան է կանխատեսել, հաստատեցին յանձնաժողովի անդամները: «Թուրքիա չի բանար սահմանը, այնքան ատեն որ Հայաստան Ատրպէյճանի հետ չէ կարգաւորած յարաբերութիւնները: Ռուսիա, իր կարգին, շահագրգռուած չէ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները կարգաւորուին, եւ քուլիսներու ետին կը խոչընդոտէ, որ կողմերը համաձայնութեան գան», յայտարարեց Քարտին։
Քոնկրեսին կողմէ հրաւիրուած հայաստանցի փորձագէտ Տիգրան Գրիգորեան քանի մը խորհուրդներ տուաւ՝ ամրապնդել Հայաստանի ռազմական, տնտեսական եւ ժողովրդավարական կարողութիւնները եւ սահմանափակումներ մտցնել Ատրպէյճանի դէմ:
«Նուազագոյնը թիրախային պատժամիջոցներ պէտք է սահմանուեն Ադրբեջանի պաշտօնեաների եւ զինուորականների նկատմամբ, որոնք ներգրաւուած են եղել պատերազմական յանցագործութիւնների, Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի հայերի դէմ ագրեսիայի (յարձակումին) մէջ: Պատասխանատուութեան չկանչելը միայն ամրապնդում է Ադրբեջանի յարձակումների շարքը», ըսաւ Գրիգորեան։
Քննարկումին ներկայ քանի մը քոնկրեսականներ, գլխաւորաբար հանրապետականներ, ընդգծեցին, որ Ատրպէյճան, յատկապէս Թուրքիա կը մնան տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու վստահելի դաշնակիցը:
Քանի մը այսպիսի դիտարկումներէ ետք, Քոնկրեսին մէջ Թրքական յանձնախմբի համանախագահ, դեմոկրատ Սթիւ Քոեն զգուշացուց, որ այսօրուան Թուրքիան այն երկիրը չէ, որուն հետ Միացեալ Նահանգները համագործակցած է տասնամեակներով: «Անոնք անպայմանօրէն այլեւս մեր բարեկամները չեն, նոյնքան վստահելի չեն, գործարքի մէջ են Ռուսիոյ, Չինաստանի, մեզի հետ, այլոց հետ: Այնպէս որ, զգո՛յշ եղէք», ըսաւ ան:
Քննարկումին ընթացքին բոլորը համակարծիք էին, որ Ուաշինկթըն պէտք է քաղաքական, տնտեսական եւ դիւանագիտական աջակցութիւն ցուցաբերէ Հայաստանին:
«Մենք պէտք է ներգրաւուինք, որպէսզի Հայաստան կարենայ պաշտպանել ինքնիրեն եւ ի վիճակի ըլլայ ինքնուրոյն որոշումներ տալու, հանելու ռուսերը Հայաստանէն, բարելաւելու յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, որպէսզի առեւտրական նոր հնարաւորութիւններ բացուին», շեշտեց Քարտին: