«Ապառաժ»ը կը հաղորդէ, որ, «Արցախ» միութեան եւ միութեան նախագահ Արտակ Բեգլարեանի նախաձեռնութեամբ՝ 9 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Միջազգային քրէական դատարանի առաջին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հանդիպումը Արցախի հասարակութեան շարք մը աշխոյժ ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր:
Ներկաները յատկապէս կը յուզէին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ գործադրուած ցեղասպան գործողութիւնները եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները համարժէք պատասխանատուութեան ենթարկելու, արցախցիներուն վերադարձի իրաւունքի իրականացման, Ատրպէյճանի մէջ պահուող ռազմաքաղաքական պատանդներու ազատ արձակման եւ շարք մը այլ հարցեր:
Լուիս Մորենօ Օքամփօ, դիմելով ներկաներուն՝ ըսաւ, թէ ինք ընդհանուր առմամբ տեղեակ է կատարուածին մասին, սակայն ինք կ՛ուզէ ներկաներէն լսել եւ հասկնալ արցախահայութեան պատկերացումները իր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու գծով:
Ան որոշ խորհուրդներ տուաւ ներկայացուած հարցերուն շուրջ եւ նշեց, թէ այնքան ատեն որ որեւէ պետութիւն կամ կառավարութիւն չի պայքարիր արցախահայութեան իրաւունքներուն համար, արցախցիները պէտք է միաւորուին եւ իրենք իրենց ձայնը եւ պահանջը ներկայացնեն աշխարհին՝ ներգրաւելով նաեւ սփիւռքահայութիւնը, որ մեծ ներուժ ունի:
Օքամփօ անդրադարձաւ նաեւ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովին` UNFCCC COP 29ին եւ նշեց, որ ամէն ջանք պէտք է գործադրել, որ այս նախաձեռնութեան մասնակցողները տեղեակ ըլլան Արցախի մէջ Ալիեւի վարչակարգին կատարած ցեղասպան գործողութիւններուն մասին:
Ալիեւ ամէն ջանք գործադրէ, որ այդ ժողովին Արցախի թեման չարծարծուի: Օքամփօ նաեւ ներկայացուց ցարդ այդ ուղղութեամբ իրականացուած գործողութիւնները:
Աշխատանքները շատ են, կարելիութիւնները՝ քիչ, բայց պէտք է պայքարիլ եւ հաւատալ, որ արցախահայութիւնը մինակ չէ եւ անհրաժեշտ է քայլերու ձեռնարկել բարեկամներուն եւ շահագրգռուած կողմերուն թիւը աւելցնելու համար: