Ատրպէյճան անընդունելի կը նկատէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը ներկայ դրութեամբ, երբ համաձայնեցուած է անոր բովանդակութեան միայն 80 տոկոսը: Այս մասին «Ռիփորթ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:
«Հայկական կողմը կ՛առաջարկէ կնքել խաղաղութեան պայմանագիր մը` հիմնուելով ներկայիս համաձայնեցուած դրոյթներուն վրայ: Սակայն, Ատրպէյճան այդ մօտեցումը անընդունելի կը նկատէ եւ բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է այդ մասին: Կայ կանոն մը, ըստ որուն, փաստաթուղթը համաձայնեցուած չի նկատուիր, այնքան ատեն որ անոր բոլոր կէտերը համաձայնեցուած չեն: Կարելի է միայն ըսել, որ այս պահուն փաստաթուղթի դրոյթներուն շուրջ 80 տոկոսը համաձայնեցուած է: Բայց դուք չէք կրնար պարզապէս զանց առնել չհամաձայնեցուած կէտերը», ըսաւ Հաճիզատէ։
Ըստ անոր՝ որպէսզի խաղաղութեան պայմանագիրը կայուն եւ յաջող ըլլայ, պէտք է յստակացնել այն խնդրայարոյց հարցերը, որոնք կը յամենան շարք մը ոլորտներու մէջ: «Ընդհանուր առմամբ, համաձայնագիրի նախագիծը ստորագրելու համար Հայաստան պէտք է առաջին հերթին համապատասխան փոփոխութիւններ կատարէ իր Սահմանադրութեան մէջ, որ ներկայիս տարածքային պահանջներ ունի Ատրպէյճանի նկատմամբ: Այնքան ատեն որ Հայաստան իր օրէնսդրական փաստաթուղթերէն չի հաներ այդ պնդումները, կարելի չէ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան մասին խօսիլ», յայտնեց Հաճիզատէ։