

Գործակցութեամբ Եւրոպայի շարք մը հայկական կազմակերպութիւններու՝ մասնաւորապէս Գերմանիոյ «Մունք» նախաձեռնութեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Պելճիքայի թեմին, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը 13 Սեպտեմբերին, Պրիւքսէլի հայկական եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպեց «Յիշատակի եւ յոյսի» երեկոն։
Ձեռնարկին ընթացքին յիշատակուեցաւ Սեպտեմբեր 2023ին Արցախի բնիկ ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտումներուն առաջին տարելիցը։
Երկու հազարամեակներու ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով Արցախի հայ չէ մնացած։
Յիշատակի երեկոն համախմբած էր պելճիքացի քաղաքական եւ հանրային գործիչներ, լրագրողներ, կրօնական առաջնորդներ եւ հայ համայնքի անդամներ՝ ոգեկոչելու տեղի ունեցած հոգեւոր եւ մշակութային մեծ կորուստին տարելիցը:
Յայտագիրին ընթացքին կարեւոր համարուեցաւ Արցախի մէջ վտանգուած հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան հրատապութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ մարդասիրական այն ողբերգութեան, որ կը շարունակէ ազդել հայ ժողովուրդին վրայ:
Տարելիցի միջոցառումը իր ներկայութեամբ պատուեց Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան, որ ներկայացուց Արցախէն հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումը եւ Արցախի մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան սպառնացող վտանգը, որ կը ներառէ շուրջ 5000 յուշարձաններ։
Արցախի թեմի առաջնորդին ելոյթին յաջորդեց երաժշտական բաժին մը՝ Լորանս Անահիտ Մխիթարեանի (դաշնամուր), Վարդան Յովհաննիսեանի (դուդուկ) եւ Մարիա Ապաճան-Շապերի (օփերա) կատարումներով:
«Արցախի բռնի հայաթափումը վէրք է իւրաքանչիւր հայու սիրտին մէջ եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու խախտում, որ պէտք չէ անտեսուի միջազգային հանրութեան կողմէ: Մենք պիտի շարունակենք անխոնջ աշխատիլ՝ ապահովելու համար աշխարհի քաղաքական օրակարգին վրայ Արցախի հարցը պահելը, որպէսզի վերականգնի Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները, մասնաւորապէս՝ հաւաքական վերադարձի իրաւունքը։ Այսպիսի ձեռնարկներ կարեւոր նշանակութիւն ունին թէ՛ մեր կորուստը ոգեկոչելու, թէ՛ միջազգային հանրութիւնը տեղեկացնելու Արցախի հայութեան անօտարելի իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ անոր վտանգուած մշակութային ժառանգութեան եւ ինքնութեան պաշտպանութեան գծով քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութեան մասին», իր խօսքին մէջ ըսաւ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան։