

Բրիտանացի լրագրող Տոմինիք Լoուսըն «Թայմզ» թերթին մէջ հրապարակած է «Արագ Ինքնաշարժներու Եւ Ցեղասպանական Մոլագարներու Օրը Ատրպէյճանի Մէջ» խորագիրով ծաւալուն յօդուածը՝ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող «Ֆորմուլա 1»ի «Կրան Փրի» մրցաշարքին եւ հոն պահուող հայ գերիներուն մասին:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ բրիտանացի լրագրողը իր յօդուածին մէջ գրած է, որ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ սլացող վարորդներէն կէս մղոն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Ապահովութեան պետական ծառայութեան կեդրոնը, որուն խուցերուն մէջ, բազմաթիւ այլ քաղաքական բանտարկեալներու կողքին կը տանջուին Արցախի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք այժմ ապօրինաբար պատանդ կը պահուին նախորդ տարի Ատրպէյճանի՝ Արցախ ներխուժելէն ետք գերի տարուելէն ետք։
«Liberty Media»ի ղեկավար Կրեկ Մաֆէյ, որ «Ֆորմուլա 1»ի գործառնութեան սեփականատէրն է, քննադատեց հոն մրցումներէն մէկուն իրականացումը, սակայն յայտարարեց, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ կը կատարուին «այնպիսի վայրերու մէջ, ինչպէս՝ Պաքու», որովհետեւ այդ արտօնութեան համար այդքան մեծ գումարներ վճարած են. համառօտ նկարագրութիւն մը այն երեւոյթին, որ յայտնի է իբրեւ «մարմնակրթութեան լուացում»:
«Բայց Իլհամ Ալիեւ, որ 2003ին փոխարինեց իր հայրը Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնին եւ իր կինը նշանակեց փոխնախագահ, նոյնպէս վերջին օրինակն է այն երեւոյթին, թէ ինչպէ՛ս մենատիրական նաւթային պետութիւնները կը պահուըտին կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի կեղծաւորութեան ետին: Չէ՞ որ Նոյեմբերին, Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ COP29-ը` Կլիմայի փոփոխութեան գծով ՄԱԿի տարեկան վեհաժողովը: Ալիեւ լկտի մօտեցում մը ունի. նկատի ունենալով իր վերջին արարքները, նաեւ յայտարարելը, որ անիկա պիտի ըլլայ «Խաղաղութեան վեհաժողով», գրած է Լոուսըն:
Ան կը յիշեցնէ, որ Ատրպէյճանի Համախառն ներքին արտադրութեան հիմնական մասը եւ արտածման եկամուտներուն շուրջ 90 տոկոսը կու գայ նաւթի եւ կազի արտադրութիւններէն:
«Արդեօք ասիկա կը նշանակէ, թէ Ալիեւ կ՛ուզէ, որ իր երկիրը դառնայ ածխաջրածիններու վրայ հիմնուած տնտեսութիւն: Անցեալ տարի COP-ի վեհաժողովին ան յայտարարած էր հետեւեալը. «Իբրեւ հանածոյ վառելանիւթերով հարուստ երկրի մը ղեկավար, մենք, անշուշտ, կը պաշտպանենք այդպիսի երկիրներու` ներդրումները եւ արտադրութիւնները շարունակելու իրաւունքը»: Ան նաեւ Ատրպէյճանի նաւթի եւ կազի պաշարները կոչեց «Աստուածներու պարգեւ»:
«Սակայն, կարծես, Ատրպէյճան աւելցուցած է ռուսական կազի սեփական ներածումը` նոյն ատեն աւելցնելով իր արտածումը դէպի Եւրոպական Միութիւն: Այս ոլորտի փորձագէտներէն մէկը` Լոնտոնի տնտեսագիտական դպրոցէն Կուպատ Իպատողլու, գրած է, որ «միակ կենսունակ միջոցը», որմով Ատրպէյճան կրնայ կատարել Եւրոպական Միութեան հանդէպ իր նոր պարտաւորութիւնները, Մոսկուայէն աւելի շատ կազ գնելն էր:
«Այս մութ գործին մէջ մէկ բան յստակ է` նախագահ Ալիեւ եւ նախագահ Փութին շատ լաւ յարաբերութիւններ ունին: Ատրպէյճանի առաջնորդը Օգոստոսին Պաքուի մէջ ողջունեց Ռուսիոյ նախագահը` պատասխանելով չորս ամիս առաջ Քրեմլինի մէջ իրեն ցուցաբերուած հիւրընկալութեան։ Ասիկա լոյս կը սփռէ այն փաստին վրայ, որ Ռուսիա, որ երկար ատեն կ՛երաշխաւորէր Հայաստանի սահմաններուն ապահովութիւնը, անոր օգնութեան չհասաւ, երբ Ատրպէյճան նախորդ տարի Հայաստան ներխուժեց», գրած է ան։
Այս մասին գրուած է նաեւ բրիտանական «Կարտիըն» թերթին մէջ, որ՝ վկայակոչելով շարք մը իրաւապաշտպաններու ու գործիչներու հրապարակումները, ՄԱԿի ներկայի կլիմայի վեհաժողովը հիւրընկալող Ատրպէյճանի` վեհաժողովին ընթացքին համաշխարհային զինադադարի կոչ ուղղելը կեղծաւոր քայլ կը նկատէ:
Այս նիւթին վերաբերող յօդուածը կը յիշեցնէ, որ Ատրպէյճան կը գլխաւորէ COP29 վեհաժողովը, որ 11 Նոյեմբերէն սկսեալ երկու շաբաթ պիտի գումարուի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ: Կ՛ակնկալուի, որ անոր պիտի մասնակցին աշխարհի զանազան երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներ, եւ ներկայացուած պիտի ըլլան առաւել քան 180 երկիրներ:
Թերթը կը յայտնէ, որ վեհաժողովին ընթացքին, ինչպէս նաեւ անկէ մէկ շաբաթ առաջ եւ ետք Ատրպէյճան կոչ կ՛ուղղէ հակամարտող բոլոր երկիրներուն՝ վար դնելու զէնքերը: Ժողովը պիտի ներառէ նաեւ յատուկ «Խաղաղութեան օր»՝ 15 Նոյեմբերին եւ COP29 խաղաղութեան եւ կլիմայի նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակն է՝ աջակցիլ առաւել խոցելի երկիրներու` Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ուկանտայի եւ այլոց։
Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի եւ Կազայի հակամարտութիւնները, որոնք երկուքն ալ Ատրպէյճանի հարեւանութեամբ են, ստուեր պիտի ձգեն վեհաժողովին վրայ: Ռուսիա հանածոյ վառելիքի առաջատար արտադրողներէն է եւ ջերմոցային կազերու արտանետումներու աղբիւր, մինչդեռ Ատրպէյճան Եւրոպա կազ կը մատակարարէ ռուսականին փոխարէն: Կ՛ակնկալուի, որ կլիմայի հարցերուն շուրջ դիւանագիտական համաձայնութիւններու ձեռքբերումը բարդ գործընթաց ըլլայ, յատկապէս` նկատի ունենալով ներկայի աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնը:
Ըստ «Կարտիըն»ի կողմէ ձեռք բերուած զինադադարի կոչին գաղտնազերծուած նախագիծին` Ատրպէյճան ինքզինք իբրեւ խաղաղարար կը դիրքաւորէ:
«COP29-ը բացառիկ կարելիութիւն է` յաղթահարելու բաժանումները եւ գտնելու ուղիներ դէպի կայուն խաղաղութիւն: Հակամարտութիւնները կ՛աւելցնեն ջերմոցային կազերու արտանետումները եւ կ՛ոչնչացնէ շրջակայ միջավայրը` աղտոտելով հողը, ջուրը եւ օդը: Հակամարտութիւններու իբրեւ արդիւնք յառաջացած կենսոլորտային համակարգերու ոչնչացումը եւ ապականումը կը խորացնեն կլիմայի փոփոխութիւնը եւ կը վտանգեն մոլորակը պաշտպանելու մեր ջանքերը», կ՛ըսուի 180 բառերէ բաղկացած բանաձեւի նախագիծին մէջ:
Ըստ վերոնշեալ յօդուածին՝գործիչները կը մատնանշեն Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ Հայաստանի հետ վերջերս աւարտած պատերազմը` յիշեցնելով, որ առաւել քան 100,000 անձեր ստիպուած եղան հեռանալու իրենց տուներէն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, երբ նախորդ Սեպտեմբերին Ատրպէյճան յարձակումի սկսաւ:
Իրաւապաշտպանները կը պնդեն, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ հարիւրաւոր քաղաքական բանտարկեալներ պահել: Ոմանք կը մեղադրեն COP-ը հիւրընկալող երկիրը՝ կեղծաւորութեան մէջ: Unilever-ի նախկին ղեկավար եւ այժմ կլիմայի ու խաղաղութեան գործիչ Փօլ Փօլման յայտարարեց, որ «COP զինադադարի» գաղափարը խորապէս շնական PR (հանրային ծանուցումի) հնարք է Ատրպէյճանի կողմէ, որուն նպատակն է՝ ուշադրութիւնը շեղել անցեալին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումներէն:
«Եթէ նախագահ Իլհամ Ալիեւ իսկապէս կը փափաքի օրինակ ծառայել, միւսներուն կոչ ուղղելու փոխարէն պէտք է պարտաւորուի մինչեւ COP29 ազատ արձակելու առաւել քան 300 քաղաքական բանտարկեալները», աւելցուց Փօլման:
Իպատ Պայրամով, որուն հայրը՝ Կուպատ Իպատողլու, Լոնտոնի տնտեսագիտութեան դպրոցի ակադեմիկոս եւ ձերբակալուածներէն մէկն է, ըսաւ հետեւեալը. «Հակամարտութիւնները թոյլ տուած են Ատրպէյճանի կառավարութեան քօղարկուած կերպով ոչնչացնելու քաղաքացիական հանրութիւնը` բանտարկելով ընդդիմութեան ձայները: Որովհետեւ COP29-ը կը մօտենայ, միջազգային ուշադրութիւնը աւելիով կը կեդրոնանայ վարչակարգին պատժական մարտավարութեան վրայ»:
«Զինադադարի կոչին մասին. անիկա չ՛անդրադառնար հակամարտութեան հիմնական պատճառներուն: Անիկա կը նմանի խորունկ վէրքի վրայ վիրակապի մը: Քանի մը շաբաթով հակամարտութիւններու դադրեցումը կեանքեր պիտի փրկէ, ինչ որ լաւ է, բայց յետոյ ամէն ինչ պիտի վերադառնայ նախկին վիճակին: COP-ը կրնայ յանգեցնել խաղաղութեան եւ կլիմայական արդարութեան համար բովանդակալից գործողութիւններու, բայց անիկա պէտք է ներառէ ռազմական գործողութիւններուն եւ կլիմայական ճգնաժամին վրայ ազդող հակամարտութիւններու ազդեցութիւնը»: