Ռուսիոյ ապահովական խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու այցելեց Թեհրան եւ հանդիպում ունեցաւ Իրանի ազգային ապահովութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանի հետ:
Ըստ իրանեան «Մեհր» գործակալութեան` Շոյկու Թեհրան այցելեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ուղերձը փոխանցելու նպատակով:
Շոկու վերահաստատեց Մոսկուայի աջակցութիւնը՝ Ատրպէյճանի հետ միջանցքներու եւ հաղորդակցութեան ուղիներու հարցով Իրանի քաղաքականութեան:
Ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Իրանի նախագահի Մասուտ Փեզեշքեան հետ: Վերջինս ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ կառուցողական յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ իր վարչակազմը լրջօրէն հետամուտ պիտի ըլլայ Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման:
Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու խորացումը եւ ամրապնդումը պիտի նուազեցնեն երկու երկիրներուն դէմ պատժամիջոցներու ազդեցութիւնը, ըսաւ Փեզեշքեան` աւելցնելով, որ Թեհրանի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւնները պիտի զարգանան մնայուն, շարունակական եւ տեւական ուղիով:
Շոյկու Թեհրանի մէջ փոխանցեց Փութինի ուղերձը` շեշտելով, որ տարածաշրջանային հարցերու մէջ Իրանի հետ համագործակցելու՝ Ռուսիոյ դիրքորոշումը չէ փոխուած ։