
Մշակոյթը ժողովուրդի մը ստեղծագործական էութիւնն է, որուն ճիւղերէն մէկն է երգարուեստը։ Վերջին քանի մը տարիներու ի յայտ եկան երկու երաժշտական խումբեր, որոնց անունները թերեւս շատերուն քիչ մը տարօրինակ կը թուին, սակայն իրենց արուեստն ու երաժշտութիւնը ներգրաւեց թէ՛ երիտասարդները եւ թէ մեծահասակները, հաւաքելով միլիոնաւոր դիտումներ «Եութուպ»ի ալիքներուն վրայ։ Այս երկու խումբերը, որոնք մեր երաժշտական աշխարհին տուած են գեղեցիկ «երանգներ», կը կոչուին «Լատանիվա» եւ «Նեմրա»։ Երկու խումբերն ալ ունին տարբեր ազգերու երաժշտութեան ազդեցութիւններ եւ կը ստեղծագործեն ոչ միայն հայերէնով, այլ նաեւ օտար լեզուներով։
«ԼԱՏԱՆԻՎԱ»
«Լատանիվա»ն հայ եւ եւրոպացի հասարակութեան կողմէ ամենասիրուած երաժշտական խումբերէն մէկն է այսօր։ Անիկա Հայասատանը ներկայացուց «Եւրատեսիլ»ին, անցեալ Մայիսին, իր «Ժագօ» երգով։ Այս երգը մինչեւ այսօրս «Եութուպ»ի վրայ հաւաքած է 8.5 միլիոն դիտում։ «Այս երգը գրած եմ իմ մասին։ Երգը ազատութեան մասին է։ Երբ ամէն մարդ կ՛ըսէ՝ ինչպէս վարուիմ, ինչպէս հագուիմ, ես դժուար կը համակերպէի։ Ազատօրէն ապրիլ ցանկացող աղջկայ մը մաղթանքն է այս երգը», կ՛ըսէ վեց հոգիէ բաղկացած խումբին միակ հայ անդամը՝ Ժագլին Պաղտասարեան։


«Լատանիվա» երաժշտական խումբը հիմնուած է 2019ին։
Ֆրանսաբնակ երգչուհի Պաղտասարեան կը ստեղծագործէ իր ֆրանսացի ընկերոջ՝ Լուի Թոմասի հետ։ Անոնք անուանի դարձան «Վայ Աման» երգով, չորս տարիներ առաջ։ Այդ երգին յաջորդեց «Եարս Պարել Չգիտի» երգը 28 միլիոն դիտումով ընդլայնած է իր լսարանը։ Իսկ վերջերս, իրենց «Շաքար-Շաքար» երգը, որ դարձեալ շատ սիրուեցաւ, նոյնիսկ փոքրիկներու կողմէ, հաւաքեց 11 միլիոն դիտում։
Ժագլին՝ «Լատանիվա»ի գլխաւոր երգչուհին, ծնունդով Եղեգնաձորէն է։ Ան տեղափոխուած է Պելոռուս, իսկ 2014ին՝ Ֆրանսա։ «Իմ մէջ երեք երկրի երաժշտութիւն եմ կրում», կ՛ըսէ երգչուհին:
Արտայայտուելով Հայաստանի մասին, ան կ՛ըսէ․ «Շատ եմ կարօտում բարեկամներիս, սիրում եմ Հայաստանի բնութիւնը եւ ուտեստները: Որքան ալ մայրիկս այստեղ կը պատրաստէ այդ ուտեստները, Հայաստանինն եմ ուզում»:
Երգչուհին նաեւ անդրադարձած է իր հայերէնի իմացութեանը: «Շատերը մտածում են՝ հայերէն չեմ խօսում, բայց ես նորմալ (բնական) խօսում եմ: Ուղղակի լեզուն քիչ եմ օգտագործում, դժուարանում եմ: Շատ եմ սիրում իմ լեզուն, դրա հնչողութիւնը, տառերի ձեւը, երբ խօսում եմ, լեզուս բացուում է»։
«Լատանիվա»ն հրապարակած է երգեր, որոնք իրենց մէջ տարբեր երկիրներու երաժշտութիւններ կը ներառնեն: Իրենց երաժշտութիւնը խառնուրդ մըն է պալքանեան, ճազ, ռեկէ, եւ հայկական երգարուեստին։ Անոնք կ՛երգեն տարբեր լեզուներով՝ ֆրանսերէն, իտալերէն, անգլերէն, արաբերէն, յունարէն։

Ժագլին կ՛ըսէ թէ Լուին շատ ճամփորդած է, իր մէջ տարբեր երկիրներու մշակոյթներ կը կրէ։
«Լատանիվա»ն կը կատարէ նաեւ ժողովրդական երգեր ինչպէս՝ «Պինկէօլ», «Զեփիւռի Նման», «Սարերի Հովին Մեռնեմ» եւ այլ հայկական երգեր, շատ իւրայատուկ ոճով:
Իսկ գալով խումբին անունին, ժագլին կ՛ըսէ․ «Սկզբում խմբի անուան շուրջ շատ չէինք մտածում․ պատահական ասացի՝ «Լատա», իսկ Լուին ասաց՝ «Նիվա»: Հարցրի՝ որտեղի՞ց գիտի մեքենայի մասին, նա էլ պատմեց, որ հայրն ունեցել է «Լատա Նիվա», ասացի՝ իմն էլ է ունեցել: Զարմացայ, որ Ֆրանսիայում այդ մակնիշի մեքենայ են ունեցել: Ծիծաղեցինք, որոշեցինք անունը հենց այդպէս էլ կնքել»։
Վերջին ամիսներուն «Լատանիվա»ն երկու անգամ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի մէջ, Մայիսին՝ Երեւանի մէջ եւ Օգոստոսին՝ Վանաձորին մէջ, իսկ քանի մը ամիսներ առաջ՝ Քալիֆորնիոյ մէջ։


«ՆԵՄՐԱ»
«Նեմրա»ն հայկական ռոք խումբը կազմաւորուած է Երեւանի մէջ 2012ին։
«Նեմրա» անունը ընտրուած է խումբի հայկական ծագումը ընդգծելու նպատակով, ըստ խումբի անդամներուն։ «Նեմրա» եթէ հակառակ կողմէն կարդանք կը կարդացուի Արմէն։
Խումբը կը բաղկանայ քանի մը անդամներէ։ Վան Եղիազարեանը խումբի հիմնադիր անդամն է։ Ան Ծնած է 1992ին, Երեւանի մէջ եւ գլխաւոր երգիչն է։ Անոր կ՛ընկերակցին Վասպուր Եղիազարեանը՝ խումբի համահիմնադիր եւ պաս կիթառարահարը, Մարիա Կարապետեանը՝ վոքալ (ձայնային) եւ հարուածային գործիքներով՝ Մարեկ Զաբորսկին։
2014ի Մարտին նկարահանուած է «Նեմրա»ի առաջին տեսահոլովակը՝ Sad Reality-ն։
2018ը բեկումնային կը դառնայ խումբին համար։ «Դէպի Եւրատեսիլ» ազգային նախընտրական մրցոյթին, «Նեմրա»ն կը գրաւէ 2րդ հորիզոնականը եւ կ՛արժանանայ հայ եւ արտասահմանեան լսարանի մեծ համակրանքին։
Խումբը ունի 40էն աւելի հեղինակային երգեր, եւ բազմաթիւ տեսահոլովակներ։
«Նեմրա»ն հանդէս եկած է մենահամերգներով Հայաստանի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, ելոյթ ունեցած է միջազգային փառատօններու, Միացեալ նահանգներու, Վրաստանի, Ռուսիոյ, Լեհաստանի, եւ Ուքրանիոյ մէջ։
Վերջին չորս տարիներուն անոնք աւելի եւս սիրուեցան յատկապէս իրենց «Նարէ» երգով, որ «Եութուպ»ի վրայ հաւաքեց 11 միլիոն դիտում։ Մեծ ժողովրդականութիւն գտաւ նաեւ She’s Beautiful, «Զիմ Խորոտիկ Եար», «Առնեմ Ելնեմ», «Սեւ Աչերով Աղջիկ», If You go, Look at Birds, Daisy եւ A Letter From Daisy երգերը։

Սերժ Թանգեան բարձր գնահատած է խումբի աշխատանքը՝ յատկապէս She’s Beautiful-ի եւ Daisy-ի տեսահոլովակները։
«Նեմրա»ն Սեպտեմբեր 28ին ելոյթ պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ։
Քաջալերենք նմանօրինակ նոր աստղեր, որոնք աւելի եւս կրնան ճոխացնել մեր մշակոյթը եւ կը ներգրաւեն երիտասարդութիւնը։
ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ ՇԻՐԱՃԵԱՆ