Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա անգամ մը եւս մեկնաբանեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ ՀԱՊԿին՝ Հայաստանի ապահովութեան եւ գերիշխանութեան համար սպառնալիք ըլլալուն մասին յայտարարութիւնը ՝ դիտել տալով, որ «Հայաստան պէտք չէ վախնայ ՀԱՊԿէն եւ Ռուսիայէն, այլ պէտք է վախնայ Արեւմուտքէն եւ անոր արբանեակներէն»։
«Ասիկա անհեթեթ է` նկատի ունենալով, որ մենք անոնց կը մատակարարենք պարէն, առեւտուր կը կատարենք եւ կը շարունակենք մնալ ամէնէն մտերիմ դաշնակիցը: Անոնք պէտք է վախնան Արեւմուտքէն եւ անոր արբանեակներէն, որոնք շատոնց մասնագիտացած են գունաւոր յեղափոխութիւններու հրահրման ոլորտին մէջ: Արեւմուտքը դիւրութեամբ կը դաւաճանէ անոնց, որոնց օր մը առաջ կը նկատէր համախոհներ: Իբրեւ օրինակ տեսէք` Արեւմուտքը ի՛նչ ըրաւ Վրաստանի հետ», ըսաւ Զախարովա, ըստ որուն, «այն պահուն, երբ երկիրը կը սկսի տէր կանգնիլ իր ազգային շահերուն, Արեւմուտքի դէմքէն անմիջապէս կ՛իյնայ գառնուկի դիմակը, եւ բոլորը կը տեսնեն գայլին մռութը»:
Զախարովա նաեւ խօսեցաւ «3+3» տարածաշրջանային հարթակին (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան) ձեւաչափով արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մասին, որ նախատեսուած է գումարել Թուրքիոյ մէջ՝ նշելով, որ անիկա նախապատրաստական փուլի մէջ է։
Ան նշեց, որ ձեռք բերուած համաձայնութեան արդիւնքներուն հիման վրայ, երկիրները միասնաբար պիտի յայտարարեն յստակ ժամկէտներ: