

ՖԻՏԷի ճատրակի ողիմպիականի 8րդ մրցաշարքէն ետք, Պուտափեշթի «Ինթըրքոնթինենթալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան 100ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին մեծարուեցան ճատրակի մէջ բացառիկ ձեռքբերումներ եւ ներդրումներ ունեցող անհատները, խումբերը եւ կազմակերպութիւնները:
ՖԻՏԷի նախագահ Արկադի Տուորքովիչ եւ փոխնախագահ Մահիր Մամետով ողջունեցին ներկաները: «ՖԻՏԷի կեանքի առաջին 100ամեակը լեցուն էր ուշագրաւ իրադարձութիւններով, մեծ անհատականութիւններով եւ յիշարժան հանդիպումներով: Այդ բոլորին համար մենք պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք ՖԻՏԷի հիմնադիրներուն», ըսաւ Մամետով:
Ապա տեղի ունեցաւ ՖԻՏԷի 100ամեակի մրցանակաբաշխութիւնը: Դատական կազմը 18 անուանակարգերու մէջ մրցանակներ յանձնեց:
Բացի այդ, Տուորքովիչ ութ յատուկ «FIDE 100» մետալներ յանձնեց` պատուելով անոնք, որոնք իրենց ասպարէզին ընթացքին նշանակալի ներդրում ունեցան ճատրակի զարգացման մէջ:
«Լաւագոյն տղոց խումբ» անուանակարգին մէջ յաղթող նկատուեցաւ Հայաստանի հաւաքականը: Հայաստան գերազանցեց միւսները` մրցաշարքին ընթացքին երեք անգամ յաղթելով:


Մրցանակը ստանձնեց Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան գործադիր տնօրէն Արմէն Գէորգեան:
Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան առաջին փոխնախագահ Սմբատ Լպուտեան աշխարհի մէջ ճատրակի կրթութեան եւ հանրահռչակման մէջ ունեցած աւանդին համար, ՖԻՏԷի կողմէ պարգեւատրուեցաւ ոսկի մետալով:
«Սմբատ Լպուտեան ճատրակի հայ վարպետ է, որուն առաջնորդութեամբ ճատրակը իբրեւ դասանիւթ ներդրուեցաւ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ: Երկար տարիներ ան ղեկավարած է ՖԻՏԷի Կրթական յանձնաժողովը` ամբողջ աշխարհի մէջ խթանելով ճատրակի կրթութեան զարգացումը: Այժմ առաւել քան 25 միլիոն մանուկներ կը մասնակցին ճատրակի կրթական ծրագիրին, եւ ՖԻՏԷն յառաջիկայ տարիներուն մտադիր է այդ թիւը կրկնապատկելու», կ՛ըսուի Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի կանանց հաւաքականը դարձեալ վստահ յաղթանակ մը տարաւ Ճատրակի համաշխարհային 45րդ ողիմպիականին:
8րդ փուլին Հայաստանի կանանց հաւաքականը 3.5:0.5 հաշիւով առաւելութեան հասաւ Մոնկոլիայի հաւաքականին նկատմամբ:
Լիլիթ Մկրտչեան, Էլինա Դանիէլեան եւ Աննա Սարգսեան յաղթեցին: Մարիամ Մկրտչեանի խաղը աւարտեցաւ հաւասար արդիւնքով:
Հայաստանի կիներու հաւաքականը ունի 13 կէտեր:
Հայաստանի տղոց հաւաքականը, սակայն, 1.5:2.5 հաշիւով պարտուեցաւ Հունգարիոյ խումբէն:
Հայաստանի տղոց հաւաքականը ունի 12 կէտեր: