Միացեալ Նահանգներու մէջ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 79րդ նստաշրջանին ունեցած ելոյթին ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի ազդէ նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վրայ:
«Անգարա կ՛աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացին: Յոյս ունինք, որ այդ գործընթացը պիտի աւարտի կարելի եղածին չափ շուտ, եւ մենք պիտի լսենք բարի լուրեր», ըսաւ Էրտողան:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն` ընդգծելով, որ երկու երկիրները նոյնպէս կարգաւորման համար ջանքեր կը թափեն: