Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Գերմանիա հաւատարիմ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։
«Մէկ տարի առաջ Լեռնային Ղարաբաղ դարձեալ յայտնուեցաւ ռազմական հակամարտութեան թատերաբեմին վրայ: Հազարաւոր մարդիկ հեռացան իրենց տուներէն` տեղափոխուելով Հայաստան: Այդ ժամանակէն ի վեր Հայաստան եւ Ատրպէյճան շարունակ աշխատանք տարած են կողք կողքի ապրելու ուղղութեամբ եւ սկսած են խաղաղ բանակցութիւններու: Մենք հաւատարիմ ենք երկու երկիրներու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Մենք կ՛աջակցինք կայուն խաղաղութեան վերաբերող ջանքերուն: Այսօր Անալենա Պերպոք իր հայ պաշտօնակիցին` Արարատ Միրզոյեանի, հետ քննարկեց, թէ ինչպէ՛ս հասնիլ այդ նպատակին», կ՛ըսուի վերոնշեալ գրառումին մէջ: