ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Գիտեմ, որ ինծի պէս բոլորդ ալ, միավանկ ու բազմավանկ բառերով եւ նոյնիսկ հայ միտքը սառեցնող շատ ու երկար հարցեր եւ հարցումներ ունինք հարցնելիք ու անհամբեր անոնց պատասխաններուն կը սպասենք: Այսօր ալ մեզ եւ ամէն տեղ կը տանջեն յաւիտենական հարցեր:
Ուրեմն… հարցնե՛նք…: Ճակատաբաց եւ անվախ:
Միտքս պարզեմ:
Նաեւ գիտեմ որ շատերուն համար այս տողերը կրկնութիւններ կրնան ըլլան: Նոյնիսկ՝ սովորական աղմուկ: Բայց… յիշեցնեմ:
Քաջածանօթ էք, թէ ներկայիս, ազգային մեր կեանքէն ներս ամէն բան պարզ չէ: Մանաւանդ բարդ ալ է, եւ երբեմն ալ զուրկ՝ իր միջուկէն: Անողոք է, իսկ միւս կողմէ ալ ազգային դժբախտութիւնը՝ խոր:
Իրականութիւն է, որ մեր հայրենիքը, թէեւ 33 տարիներէ ի վեր ազատ եւ անկախ պետութիւն ալ է, բայց տակաւին իր կեանքը հակասական է: Հոն, մեր իսկական ազգային իմաստի հետքերը կարծես ջնջուած են, կամ սկսած են կամաց-կամաց ջնջուիլ: Որովհետեւ, իրմէ անկախ հայրենիքը ներկայիս կ’ապրի ներքին եւ արտաքին վախազդու եւ նոյնքան ալ սարսափելի տագնապներ: Եկեղեցական եւ աշխարհական կառոյցներն ալ կը դիմագրաւեն մեծ ու փոքր տագնապալի հարցեր, որոնց լուծումը անյետաձգելի օրակարգ դարձած են:
Անոր համար շատ-շատեր կորսնցուցած են իրենց հաւատքն ու վստահութիւնը: Այսպէս՝ մէկը կ’ողբայ իր կորսնցուցած արեւին, ուրիշ մը՝ վաղուան արեւը կը տենչայ: Հայրենի կեանքը մէկուն համար անուշ եւ քաղցր է, իսկ ուրիշին՝ ուռենիի տխրութիւն: Մարդոց կեանքի չափանիշները խախտուած են, եւ ուրախութիւնն ալ՝ գերեզմանուած:
Աշխարհագրական պարզ շրջագիծ մը բանալով՝ նաեւ ըսեմ, որ բոլորս ալ իրարմով մտահոգ հայեր ենք: Չմոռնանք:
Ու իբրեւ մտահոգ հայ, իրմէ հազարաւոր մղոններ հեռու, ամէն առիթով, շատերու նման, ես ալ իմ կարելիովս կը փորձեմ միանալ հայրենակիցներուս խուլ ցաւերուն, անհատնում հարցերուն, բայց միշտ անտեսանելի արգելք մը եղած է:
Ահա թէ ինչո՞ւ կ’ուզեմ մտածումներս բառերու վերածել: Հաստատապէս կը հաւատամ, որ նոյն այս մտածումներս են, որոնք կամաց-կամաց ինծի համար կը դառնան մէկական գաղափար եւ պատկեր:
Միշտ ուզած եմ մտնել հայոց պատմութեան խիտ անտառէն ներս ու փորձած՝ փնտռել եւ տեսնել, գտնել ու դասեր քաղել հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան, ազատութեան եւ կամքի ատաղձներուն հետքերէն:
Գիտեմ որ բոլորս ալ այս առթիւ մտահոգութեան ալիքներ եւ անանուն ցաւեր շալկած եւ մեր մտքերուն մէջ օրօրուող պատկերներով կ’ուզենք արտայայտուիլ: Բայց մշտապէս տառապանք ապրելով, կարելի չէ կեանքին հետ հաշտ մնալ ե՛ւ ապրիլ, ե՛ւ գոյատեւել: Առաքելութիւն ունինք բոլորս ալ:
Բռնած ենք «չարչարանքի» ճամբան ու այդ ճամբու ընթացքին անզգալաբար երբեմն անգիտակից դարձած:
Պէտք է հարց տալ… արտայայտուիլ, իրականութիւնը պահանջել:
Բոլորս ալ անխտիր, իբրեւ հայ մտահոգներ, կը տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս ազգային մեր յոյզերուն եւ ապրումներուն մէջ վերջակէտ մը չկայ: Մեր ներկայէն կարծես բացակայ են խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն բառերը: Կ’ուզենք սովորական աղօթքի նման յոյսերու մէջ փաթթուած քալել, ապրիլ, ապրեցնել ու մեր խառն մտքերուն խաղաղութիւնը որոնել:
Ըսեմ, որ յաճախ մեզ փրկողը… մեր լռութիւնն ալ է:
Ու եթէ ինծի հարցնելու ըլլաք, պիտի ըսեմ, որ անպայման եւ յամառօրէն մեզ ոգեւորող ածուները պէտք է փնտռել, հարցնել, որոնել, նոր լոյսին եւ յոյսին բացուող միտքերով, որոնց ներկայութիւնը մեր մտքերու ամէնօրեայ բեռը կրնան վերցնել:
Արդ, նախապայման է մեր մտքերուն վերանորոգումը: Իբրեւ հայեր, ըլլանք հայրենիքէն ներս կամ դուրս, մեր միտքերը նոր զարթօնքի պէտք ունին: Նաեւ պահանջք ունինք ստեղծագործ միտքերու եւ բազուկներու: Այս բոլորը կ’ենթադրեն ճիգ, զոհողութիւն, սէր, նուիրում եւ գիտակցութիւն:
Կրկնած ենք միշտ: Այս մէկը էական հարց ալ է: Յանձնառու գիտակցութեամբ պայման է նաեւ լայն բանալ մեր մտածումի պատուհանները: Այլ խօսքով, դուրս գալ մեր ներկայի մակերեսէն եւ իբրեւ նորածագ արեւ, հայրենի եւ սփիւռքներու հորիզոններուն վրայ բարձրացնել ներկայի եւ ապագայի տեսլականը: Այս բոլորը՝գալիք ժամանակներու մեր ազգովին ներկայութեան համար: Աւելին՝ որպէսզի մեր յոյսի տաճարը չփլի:
Ուստի… հարցնենք… եւ հարցուցէ՛ք, առ որ անկ է:
Պատասխաններ պահանջեցէ՛ք, որքան շուտ… այնքան՝ լաւ:
Լաւ յիշեցէ՛ք՝ երէկը արդէն չկայ, յուշ դարձած է, ու Վարդգէս Պետրոսեանի բառերով. «Վաղը կարող է ուշ լինել…»:
bedig43@aol.com