Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանէն կը պահանջէ «պատերազմական յանցագործութիւններու» համար ներում հայցել: «Այդ է խաղաղութիւն եւ վստահութիւն կառուցելու գործուն միջոցներէն մէկը», յայտարարեց Ալիեւ Պաքուի մէջ կազմակերպուած միջազգային երկու համաժողովներուն յղած իր ուղերձին մէջ: Անոնցմէ մէկը նուիրուած է կլիմայի փոփոխութեան եւ մարդու իրաւունքներուն, միւսը` անհետ կորսուածներուն:
«Եթէ Հայաստան իսկապէս կ՛ուզէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնիլ, պէտք է վճռականօրէն դատապարտէ գերի ինկած ատրպէյճանցիներուն նկատմամբ իրականացուցած իր գազանութիւնները: Անիկա կրնայ դառնալ երկու երկիրներուն միջեւ վստահութիւն կառուցելու գործուն միջոցներէն մէկը», նշեց ան:
Պաքուի մէջ տեղի ունեցող խորհրդաժողովներուն կը մասնակցինք շարք մը երկիրներու պաշտօնատարներ, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ, ինչպէս նաեւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչ Ֆլորանս Անսելմօ: Անոնց, ինչպէս նաեւ երկրին մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն 3 Հոկտեմբերին ատրպէյճանցի պաշտօնատարները պիտի ընկերակցին դէպի «Աղտերէ»` Մարտակերտ, ինչպէս Ալիեւ ձեւակերպեց՝ «հայերու վանտալութենէն տուժած շրջանները եւ զանգուածային գերեզմանները ցոյց տալու համար»:
«Հայաստան պէտք է հրաժարի իր ապակառուցողական դիրքերէն, տրամադրէ զանգուածային գերեզմաններու քարտէսները եւ պատժէ անոնց մեղաւորները», յայտարարեց ան:
Պահանջներ դնելով Հայաստանի առջեւ` Ալիեւ բնականաբար ոչ մէկ խօսք արտասանեց իր երկրին մէջ պահուող հայ գերիներուն, անհետ կորսուածներուն, կամ` պատերազմէն ետք խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ կատարուած վայրագութիւններուն մասին, որոնց վերաբերող փաստեր կան։ Ընդհակառակը, ան՝ դիմելով միջազգային համաժողովին մասնակցողներուն եւ պնդելով՝ ըսաւ. «Հայաստան ոչնչացուցած է ատրպէյճանական քաղաքները, բնութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը եւ պէտք է ներում հայցէ իր կատարած բոլոր յանցագործութիւններուն համար»: