
Հարաւային Լիբանան ներխուժած իսրայէլեան ուժերը Չորեքշաբթի օր, «Հըզպալլա»ի զինեալներուն հետ ունեցան իրենց առաջին յատկանշական ճակատումները, որոնց աւարտին Իսրայէլ յայտարարեց, թէ առնուազն 8 իսրայէլացի զինուորներ սպաննուած են։
«Հըզպալլա»ի աղբիւրները հաղորդեցին, թէ երկու գիւղերու մէջ կրցած են ետ մղել իսրայէլեան ուժերը, մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառելով։
Չորեքշաբթի օր, իսրայէլեան հրետանին եւ օդուժը շարունակեցին ռմբակոծել հարաւային Լիբանանը, առաւել քան 10 լիբանանցիներ սպաննելով։
Նոյն օրը, իսրայէլեան ուժերը ծանրօրէն ռմբակոծեցին Կազան։ Թիրախներուն շարքին էին երկու դպրոցներ եւ որբանոց մը։ Արձանագրուած 51 զոհերուն շարքին էին առնուազն 7 կիներ եւ 12 մանուկներ ու պատանիներ։
Իսրայէլ նաեւ կը սպառնայ «չափազանց ուժեղ կերպով հակադարձել» Իրանի կողմէ Երեքշաբթիէն Չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին կատարուած յարձակումին:


Իրանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ հարիւրաւոր հրթիռներ արձակուեցան, սակայն անոնց մեծ մասը օդին մէջ չէզոքացուեցան ամերիկեան եւ իսրայէլեան հակաօդայիններու կողմէ։
Իրանեան ռմբակոծումի թիրախներէն մէկը հանդիսացող օդուժի խարիսխ մը նիւթական վնասներ կրեց եւ քանի մը այլ թիրախներ հարուածներ ստացան, նիւթական վնասներ պատճառելով։ Վիրաւորուեցան նաեւ քանի մը իսրայէլացիներ։
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ այս գործողութեամբ իրենք հարուածեցին Իսրայէլի մէջ կարեւոր թիրախներ` «Համաս»ի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի, «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարներէն Ապպաս Նելֆրոշանի վրէժը լուծելու համար:
Վերջապէս, Թել Աւիւի մէջ սպաննուեցան երկու պաղեստինցիներ, 7 իսրայէլացիներ սպաննելէ ետք։