«Հայաստան 2041» հիմնարկի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, երբ յայտարարուեցան «Ուժեղ Սփիւռք» ծրագիրի յաղթող նախագիծերը, հիմնարկի համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան ըսաւ, որ նախորդ շաբաթ հանդիպումներ ունեցած են ՄԱԿի ներկայացուցիչներուն հետ եւ քննարկած COP29-ի ու Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներու նիւթը:
«Ասիկա մեծ աղմուկ բարձրացուց Ատրպէյճանի մէջ, քննարկեցին, թէ սփիւռքահայերը, որոնց կարգին ես, ամէն ինչ կ՛ընենք, որ COP29-ը ձախողի: Ես բնականաբար չեմ կրնար Ատրպէյճան երթալ, բայց մենք կ՛աշխատինք բոլոր ուղղութիւններով: Ատրպէյճան արդէն ամէն ինչ ըրած է, որ շարք մը լրագրողներ եւ մարդու իրաւունքներով զբաղող իրաւաբաններ չկարենան Պաքու երթալ COP29-ի ընթացքին: Մայիսին, Ատրպէյճան ամէնէն շնական կերպով յայտարարեց, որ COP29-ի ընթացքին պատերազմները պէտք է դադրին, եւ պէտք է անիկա դառնայ խաղաղութեան COP: Ամէն ինչ պիտի ընենք, որ COP29-ը չդառնայ Ատրպէյճանի օրինականութիւնը բարձրացնելու միջոց», ըսաւ Աֆէեան։