Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան հետախուզական գործակալութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ տարածաշրջանային կեդրոնի տնօրէն Փեթրիք Փրայըր Հայաստան կ՛այցելէ:
Ան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ:
Ըստ հայկական կողմին` անոնք նախանշեցին համագործակցութեան հետագայ ուղղութիւնները, քննարկեցին տարածաշրջանային ապահովական իրավիճակը եւ արտատարածաշրջանային ապահովական միջավայրին վերաբերող հարցեր: